ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը, որ ներկայիս կ՚այցելէ Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս Կլենտէյլ հայաբնակ շրջաններէն մին կը հանդիսանայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Արա Նաճարեանի Հայաստան այցելութիւնը։ Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններու պայմաններուն ներքեւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար բացուած են նոր հնարաւորութիւններ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան պէտք է ա՛լ աւելի ամրապնդէ սփիւռքի հետ կապերը եւ Կլենտէյլը այդ գործի մէջ կարեւոր դերակատարութեամբ կեդրոններէն մին է։
Իր կարգին, Արա Նաճարեան նշեց, որ սփիւռքը ոգեշնչուած է նոր Հայաստանով։ Ան տեղեկացուց, որ երկրի փոփոխութիւններու արդիւնքով բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար ստեղծուած են ապրելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու անհրաժեշտ պայմանները։ Արա Նաճարեանի համոզմամբ, այժմ սփիւռքահայերու մօտ մեծ վստահութիւն կայ Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ եւ սփիւռքի մէջ ուրախ են, որ Հայաստան կ՚ունենայ յուսալի ձեռքբերումներ։ Ան յատկապէս ողջունեց Զարեհ Սինանեանի Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատար նշանակուիլը։ Հարկ է նշել, որ երէկուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Զարեհ Սինանեան։
Տեսակցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան եւ Արա Նաճարեան քննարկեցին Հայաստանի ապագային, կառավարութեան նպատակներուն եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։