ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻՔԻ ՄԻՋԻՆԸ Կ՚ԻՋՆԷ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիայէ ներս նոր վարակեալներու միջին տարիքը իջած է 25-45-ի սահմանին։ Ըստ նախարարին, շարժունակութիւնը որքան որ կ՚աւելնայ, այնքան աւելի թիւով երիտասարդ կը վարակուի։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ համաճարակը կը ծաւալի Անգարայի, Կազիանթէպի, Պուրսայի, Քոնիայի եւ Տիարպաքըրի նման քաղաքներուն մէջ։
Երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուած է 52 հազար 313 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1192 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին համաճարակի զոհ գացած է եւս 19 հոգի, իսկ առողջացածներու թիւը եղած է 2 հազար 311։
Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը, որու աւարտին Ֆահրետտին Քոճա սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ նոր վարակեալներու գերակշիռ մասը կը պատկանի արական սեռի։ Բաց աստի, Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ Եւրոպայի բաղդատմամբ Թուրքիոյ մէջ նուազ չէ կատարուած քննութիւններու թիւը։ Բայց եւ այնպէս, Եւրոպական բոլոր երկիրներու բաղդատմամբ Թուրքիոյ մէջ մահերու համեմատութիւնը աւելի նուազ է։