ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Սոյն այցելութեան ընթացքին հիմնարկի վարչայինները Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Գովանի կողմէ պատրաստուած բառարանէն օրինակ մը, զոր լոյս տեսած էր Ուսուցչաց հիմնարկի ջանքերով։ Բառարանը կը կոչուի «Թրքերէն այբուբենական կարգով դասաւորուած հայերէնէ թրքերէն այժմէական բառարան»։ Անոնք երանութեամբ յիշեցին բառարանի հեղինակ Եդուարդ Գովանը եւ յայտնեցին, թէ սոյն բառարանը իր մեծագոյն աշխատասիրութիւններէն մին հանդիսացած է եւ Ուսուցչաց հիմնարկը ուրախ է նման աշխատութեան մը ի լոյս ընծայման օժանդակելով։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած բառարանին համար եւ յայտնեց, թէ լուսահոգի Եդուարդ Գովանի վաստակը անուրանալի է պոլսահայ մշակութային կեանքէն ներս։ Նման աշխատասիրութեան մը ներկայութիւնը թէ՛ պիտի նպաստէ շատերուն եւ թէ իր անունը կենդանի պիտի պահէ։ Այս առիթով Պատրիարք Հայրը յայտնեց հայ մշակոյթի մասին ընդհանրապէս իր գաղափարները եւ լսեց վարչայիններուն տեսակէտները։ Հուսկ, մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր անդամներուն՝ իրենց մշակութանուէր ծառայութեանց մէջ։

Միւս կողմէ, Սարգիս Քիւլէկէչ եւ Մարիամ Տրամէրեան երէկ այցելեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը՝ նոյնպէս ներկայացնելով նոր հրատարակութենէն օրինակներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021