ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԵՆԵՐԳԻՉ ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Երազ» երգի առաջին կատարումը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Շնորհանդէս-երաժշտահանդէս մըն էր այս մէկը, որ կոկիկ թիւով գեղարուեստասէրներ համախմբեց։

Հարկ է նշել, որ «Երազ» երգը ստեղծագործուած է Յակոբ Այնթապլեանի խօսքերուն վրայ՝ դաշնակահարուհի Մարգարիտ Սարգսեանի յօրինումով։ «Երազ»ի առաջին կատարումին մասնակցեցաւ նաեւ պոլսահայ յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ ինչպէս միշտ՝ այս անգամ եւս խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Ձեռնարկի ընթացքին Արթիւր Պաղտասարեան «Ես քեզի կու գամ» եւ «Ես կը հաւատամ» գործերը մեկնաբանեց՝ Մարգարիտ Սարգսեանի նուագակցութեամբ։ Յայտագրին մէջ բաժին ունէր նաեւ սոփրանօ Լուիզա Երեմեան, որ եւս երկու գործ ներկայացուց։ Այդ բոլոր գործերը ստեղծուած էին նոյնպէս Մարգարիտ Սարգսեանի յօրինումով, Յակոբ Այնթապլեանի խօսքերով։ Ջութակահար Գարեգին Գրիգորեանն ալ ծափահարութիւններու արժանացաւ իր կատարումներով։

Եզրափակիչ փուլին բոլոր արուեստագէտները միասնաբար ներկայացուցին «Առ մայրենի լեզու»ն։ Այս երաժշտահանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պոլիսէն կարգ մը հիւրեր, որոնք այս օրերուն Երեւան կը գտնուին։

Բոլոր ներկաներու տեսակէտէ բացառիկ հաճոյք մըն էր այսպիսի եզակի համերգի մը ներկայ գտնուիլը։ Յայտագրին ներգրաւուած արուեստագէտները գերազանցեցին իրենց կարողութիւնները։ Իւրաքանչիւրը իր ոճով տպաւորեց ունկնդիրները, որոնց համար բացառիկ վայելք մըն էր անոնց հաղորդ դառնալը։ Մասնաւորապէս յօրինողին ալ ծրագրին մասնակցութիւն բերելը տարբեր խորք մը ապահովեց այս ցերեկոյթին, որ իսկապէս անմոռանալի կը մնայ բոլոր մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024