ՊՐԻՒՔՍԵԼ ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱՐ ՄՏԱՀՈԳ

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր յայտ­նեց, որ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ հետ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կրնայ ձա­խո­ղիլ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Աւստ­րիոյ «Քու­րիէր» թեր­թին մէջ գրի ա­ռած յօ­դուա­ծին շրջագ­ծով անդ­րա­դար­ձաւ այս հար­ցին։ Ըստ Եուն­քէ­րի, Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շատ խո­ցե­լի է ու դէմ յան­դի­ման կը գտնուի մեծ ռիս­քի մը։ Այս հա­մոզ­ման որ­պէս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն՝ ան մատ­նան­շած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

«Էր­տո­ղան քա­նիցս ակ­նար­կեց, որ կը փա­փա­քի վեր­ջաց­նել հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը», նշեց Եուն­քէր եւ ա­ւել­ցուց, թէ ե­թէ այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ձա­խո­ղի, ա­պա գաղ­թա­կա­նաց հոս­քը պի­տի վերսկ­սի դէ­պի Եւ­րո­պա։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016