Ջրային Պաշարներու ՊահպանութԻՒՆԸ
«Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կը համատեղեն իրենց ուժերը Արարատեան դաշտին մէջ ջրային պաշարներու պահպանման համար:
Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, «Քոքա-քոլա Հելլէնիկ պոթըլինկ քամփնի Արմէնիա» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր, որուն նպատակն է բարելաւել ջրային պաշարներու կառավարումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին՝ մասնաւորապէս նպաստելով Արարատեան դաշտին մէջ այդ պաշարներու պահպանման, արդիւնաւէտ օգտագործման եւ կառավարման: Ծրագրին նպատակն է սահմանափակել Արարատեան դաշտին մէջ ստորգետնեայ ջուրերու օգտագործման տարողութիւնը՝ զայն կայուն մակարդակի հասցնելով եւ աջակցելով համայնքի ընկերային-տնտեսական զարգացման:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս ըսած է, որ այսպիսի մեծ հարցերու լուծման համար շատ կարեւոր են համագործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը, նշելով, որ տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը սերտօրէն գործակցած է Հայաստանի կառավարութեան ու միւս գործընկերներուն հետ՝ Արարատեան դաշտի ջրային պաշարներու օգտագործման եւ երաշխաւորման համակարգուած մօտեցումներուն շուրջ:
Ստորգետնեայ ջրային պաշարներու նուազող մակարդակը եւ ձկնաբուծարաններուն կողմէ անոնց անվերահսկելի օգտագործումը առանց ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի կայուն մատակարարման ձգած են Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերու շուրջ երեսուն շրջան:
2016-ին Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ «Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութեան միացեալ ուժերով պիտի վերակառուցուի Հայանիստ համայնքի ոռոգման համակարգը՝ վերականգնելով աւելի քան 40 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու ջրամատակարարումը: Յաջորդ հանգրուանով քսան ձկնաբուծարաններու մէջ վերահսկման եւ տուեալներու ձեռքբերման (SCADA) համակարգեր պիտի տեղադրուին, ծրագրի ծիրին մէջ պիտի ներառուի ստորգետնեայ ջրային պաշարներու պակաս ունեցող աւելի մեծ տարածք:
«Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սայէորա Այուպովա ընդգծած է յուշագիրին կարեւորութիւնն ու երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման նպաստող դրական ազդեցութիւնը: «Ջրային պաշարներու կառավարումն ու համայնքային զարգացումը մեր ընկերութեան համագործակցական-ընկերային պատասխանատուութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն են», ըսած է ան:
Բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունելով «Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա»ի որդեգրած համագործակցական-ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի ջրային պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման գործունէութեան ներդրման հարցին մէջ՝ Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Սիմոն Պապեան ըսած է. «Իրականացուող ծրագիրը համահունչ է Հայաստանի որդեգրած քաղաքականութեան: Գիտական յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու կիրառումը պաշարներու համալիր պահպանութեան նպատակով էապէս պիտի նպաստէ Արարատեան դաշտի ստորգետնեայ ջրային պաշարներու պահպանութեան, արդիւնաւէտ ու խնայողաբար կառավարման եւ զայն կայուն մակարդակի հասցնելու մեր ջանքերուն»: