ՎԱՐԿԱՆՇԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿ

Ճատ­րա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ՖԻ­ՏԷ հրա­պա­րա­կեց նոր վար­կան­շա­յին ա­ղիւ­սա­կը, որ կ՚ընդգր­կէ աշ­խար­հի հա­րիւր ու­ժե­ղա­գոյն ճատ­րա­կի մար­զիկ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Լե­ւոն Ա­րո­նեան ե­րէ­կուան դրու­թեամբ կը գտնուի հին­գե­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ։ Հա­րիւր ու­ժե­ղա­գոյն­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ տեղ ու­նին նաեւ Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան, Գաբ­րիէլ Սարգ­սեան եւ Սէր­կէյ Մով­սի­սեան։

Ի­գա­կան սե­ռէ հա­րիւր լա­ւա­գոյն­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ ալ 34-րդ կար­գի վրայ է Է­լի­նա Դա­նիէ­լեան, իսկ Լի­լիթ Մկրտչեան կը զբա­ղեց­նէ 40-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։

Խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը 7-րդ կար­գի վրայ է։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016