ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԵՐԷԿ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ
Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած հայկական բանաձեւին շուրջ զարգացումները կը շարունակուին։ Երէկ, Քնեսէթի Կրթութեան ու մարմնամարզի յանձնաժողովը քննարկեց ու հաւանութիւն տուաւ այն նախագծին, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Ծանօթ է, որ անցեալ Յուլիսի 5-ին Քնեսէթի լիագումար նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էր այս նիւթը։ Որոշուած էր բանաձեւը յղել վերոյիշեալ յանձնաժողովի քննարկման՝ յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու համար։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եագոպ Մարկինի կողմէ գլխաւորուած Քնեսէթի Կրթութեան ու մարմնամարզի յանձնաժողովը երէկ քննարկեց ու հաւանութիւն տուաւ այդ նախագծին։ Մարկին յայտարարեց, թէ յանձնաժողովը պաշտօնապէս կը ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի նոյնը ընեն նաեւ Իսրայէլի կառավարութիւնը, Քնեսէթն ու անոր նախագահը՝ Եուլի Էտելշթայնը։ Եագոպ Մարկին միեւնոյն ժամանակ յանձն առաւ կազմակերպելու համար ստորագրահաւաք մը եւ խնդիրը օրակարգի վրայ բերելու համար Քնեսէթի լիագումար նիստի ընթացքին։
Ըստ նոյն աղբիւրներու հաղորդումներուն, Մարկին ըսաւ. «Մեր բարոյական պարտքն է ճանչնալ հայ ազգի Հոլոքոստը»։
Քնեսէթի երեսփոխաններէն Զեհեւա Կալոն, որ յանձնաժողովի նիստին նախաձեռնած էր, այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ամէն տարի մենք կեղծ յոյս կու տանք այն մարդոց, որոնք նստած են այստեղ։ Անկեղծ չէ, որ Քնեսէթ անդադար քննարկումներ կազմակերպէ այս հարցին շուրջ՝ առանց որոշում ընդունելու այն մասին, թէ Իսրայէլի պետութիւնը եւ օրէնսդիր մարմինը կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը»։ Կալոնի առընթեր նման տեսակէտ արտայայտեցին նաեւ երեսփոխաններ Նաչման Շաի, Տով Քենին, Զոհեր Պահլօ։
Եագոպ Մարկին ափսոսանք յայտնեց այն փաստին կապակցութեամբ, թէ Քնեսէթ տակաւին որոշում մը չէ ընդունած։ Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահին՝ որպէսզի իր խօսքին տէրը ըլլայ։ Արդարեւ, Էտելշթայն այս նիւթին շուրջ խոստում մը տուած էր անցեալ տարի Իսրայէլի Կրթութեան նախարարութեան մէջ։