ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՒՌԻ ԱՅՑԳԻՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆ

Արցախի մէջ նուռի այգիները խաղողագործութենէն ետք իրենց ծաւալով երկրորդ տեղը կը գրաւեն:

Պատասխանելով «Արցախփրէս»ի թղթակիցի այն հարցումին, թէ Արցախի մէջ նուռի այգիներու մշակութիւնը որքա՞ն զարգացած է՝ Արցախի Գիւղատնտեսութեան  նախարար Արամ Մխոյեան ըսած է. «Ի տարբերութիւն  խաղողի,  նուռի այգիներու մշակման  ուղղութեամբ  դրական աճ ունինք, հաշուի առնելով, որ   խաղողի  այգիները   տարուէ տարի կը պակսին կամ չեն զարգանար: Այսօր արդէն  ունինք հազար  հեքթար նուռի այգի: Միայն  վերջին  երկու  տարիներուն  ընթացքին հիմնուած է մօտ 300-400  հեքթար նուռի այգի:

«Արցախի մէջ նուռի այգիներու զարգացման  ուղղութեամբ ունինք իրականացուելիք ծրագիր։ Յառաջիկայ տասն  տարիներուն ընթացքին նուռի այգիները  պէտք է հասցնենք 5000  հեքթարի: Այս ոլորտը զարգացնելու համար մենք   աջակցութեան տարբեր ծրագիրներով կը խրախուսենք  հողագործները: Իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտը պիտի ունենայ լուրջ յառաջընթաց, պիտի աւելնան գանձատրական  հոսքերը. բերքի մէկ մասն ալ պիտի արտահանուի»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017