ԼԻՃԷՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուրքիա երէկ մեծ ցաւ ապրեցաւ Տիարպաքըրէն հասած լուրերուն հետեւանքով։ Այսպէս, Լիճէ գաւառակին մէջ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը նահատակեց երկու զինուոր։ Դէպքը պատահեցաւ երէկ առաւօտեան ժամերուն։ ՓՔՔ-ականներուն կողմէ նախապէս ճանապարհին զետեղուած ռումբը հեռակայ դրութեամբ պայթեցուեցաւ՝ գործողութեան մեկնող զօրքերու անցքի պահուն։ Պայթումին զոհ գացին Ոստիկան զօրաց հազարապետ Իւմիթ Չելիք եւ տասնապետ Էրքան Սաքալ։ Իւմիթ Չելիք 39 տարեկան էր, իսկ Էրքան Սաքալ՝ 27։ Նա-հատակներու յուղարկաւորման պատրաստութիւնները արդէն անմիջապէս սկսան։

Դէպքէն վերջ անմիջապէս զօրքեր կուտակուեցան եւ շրջանէն ներս սկը-սան լայնածաւալ գործողութիւններ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017