ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Աշխարհահռչակ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան վերջերս այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Ան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։ Ողջունելով երիտասարդ արուեստագէտին այցելութիւնը՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց անոր մշակութային գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Նարեկ Հախնազարեան ներկայիս կը բնակի Աւստրիոյ մէջ։ Հրանոյշ Յակոբեան հրաւիրեց, որպէսզի Հախնազարեան մասնակցի «Նայիրի» համահայկական փառատօնին, որ յաջորդ ամիս տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։

Նարեկ Հախնազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ խոստացաւ մասնակցութիւն բերել նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մշակութային ծրագրերուն։ Ան Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուց իր ներկայ գործունէութիւնը ու պատմեց ապահոված ձեռքբերումներուն մասին։ Ան վերջերս հնարաւորութիւն ստացած էր նուագել աշխարհահռչակ վարպետ Ճիւզեփփէ Կվարներիի՝ 1707 թուականին ստեղծած թաւջութակը։ Հախնազարեան ընդգծեց, որ սա մեծ պատիւ մը կը համարէ իր տեսակէտէ։ Արդարեւ, այդ մէկը եղած է բազմաթիւ անուանի երաժիշտներուն նուագարանը։ Երիտասարդ թաւջութակահարը հնարաւորութիւն ստացած է այդ նուագարանը ձեռք բերել՝ գանատացի հովանաւորի մը շնորհիւ։

Նարեկ Հախնազարեան նշեց, որ իր ամենայատկանշական ելոյթներէն մին եղած է Պաքինկամի պալատի մենահամերգը, որուն ներկայ գտնուած էին արքայազն Չարլզ եւ Անգլիոյ արքունիքէն անդամներ։ Իր տեսակէտէ անմոռանալի եղած է նաեւ Աւստրիոյ շրջագայութիւնը։ Ան նուագած է Սիտնիի առասպելական օփերային եւ Մելպուռնի մէջ, աշխարհի շարք մը հեղինակաւոր բեմերուն վրայ հանդէս եկած ըլլալու առընթեր։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017