ԷՐՏՈՂԱՆ-ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թիֆլիզ առանցքային դերակատարութիւն ունի տարածքաշրջանային երկրիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնեց, որ կ՚աշխուժացնէ Վրաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճանի եռակողմանի ձեւաչափի գործունէութիւնը։ Էրտողան ընդգծեց, որ այդ հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը յառաջ կը տարուի յաջողութեամբ բոլոր մակարդակներով։

Էրտողան նաեւ մտադրութիւն յայտնեց, որպէսզի նոյն եռակողմանի ձեւաչափին մէջ վերակենդանացուի նաեւ ղեկավարներու մակարդակով երկխօսութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021