ՀԱՅ ԴԻՐՔԱՊԱՀՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԻ ԵՐԱՍԽ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ ԿԱՆԽԵՑԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐՈՒ ԱՄՐԱՇԻՆՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երկու հաղորդագրութիւններով հանրային կարծիքը լուսաբանեցին իրադրութեան մասին։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական անգամ սադրանքներ իրականացուցած են սահմանի վրայ՝ զանազան տրամաչափի զինատեսակներով։ Մասնաւորապէս կրակ բացուած է սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած դիրքերուն վրայ։ Մասնաւորապէս թիրախաւորուած է բեռնատար մը, որ սնունդ կը տեղափոխէր։ Այդ ինքնաշարժը լուրջ վնաս կրեց դէպքերուն ժամանակ։ Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի զօրքերու կրակը դադրեցաւ։ Հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանի Երասխի հատուածէն ներս շաբաթավերջին փորձած են իրականացնել նաեւ ճարտարապետական-ամրաշինական աշխատանքներ՝ թեքնիկ սարքաւորումներու կիրառմամբ։ Այս նպատակով անոնք կրակ բացած են հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն վերջ թէ՛ կրակը եւ թէ ամրաշինական աշխատանքները դադրած են։

Բացի այս բոլորէն, շաբաթավերջին իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ու կը գտնուէր հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան ներքեւ։

Միւս կողմէ, Պաքուի դիւանագիտական աղբիւրները շաբաթավերջին յայտնեցին, որ Հայաստան կը շարունակէ Ատրպէյճանի դէմ տարածքային ոտնձգութիւններու քաղաքականութիւնը։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա մեկնաբանեց օրերս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։ Այս առթիւ ան պնդեց, որ Երեւանի յայտարարութիւնը լի է Պաքուին հասցէագրուած կեղծ եւ անհեթեթ մեղադրանքներով։ Ըստ բանբերին, Հայաստան Ատրպէյճանի դէմ երեսուն տարի վարած է ակրեսիւ քաղաքականութիւն, որ հակասած է միջազգային իրաւունքին եւ այսօր ալ կը մերժէ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը ու կը խոչընդոտէ եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացումը։ «Կայուն խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն միջազգային իրաւունքը յարգելու պարագային», յայտնեց բանբերը «Թրենտ» գործակալութեան ըրած յայտարարութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 2, 2021