ՊԵՏԻԿԵԱՆԷՆ ՍԻՐԱՎԷՊ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ վերջերս լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Գէորգ Պետիկեան մօտէն ծանօթ է այն լսարանին, որ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան ի վիճակի է։ Ան մեծ յարգանք ու համատարած համակրանք կը վայելէ՝ իր հիւթեղ ու բեղուն գրիչով։

«Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» թէեւ Գէորգ Պետիկեանի առաջին գիրքը չէ, սակայն, իր արտադրութեան ամբողջին մէջ աննախընթաց է ու եզակի, որովհետեւ ան առաջին անգամ հեղինակած է սիրավէպ մը։

Հեղինակը «դժուար ծնունդ» որակած է իր այս գործը, սակայն, ծնունդը որքան որ ալ դժուար եղած ըլլայ՝ արդիւնքը իսկապէս շատ ողջունելի է։ Արդարեւ, Գէորգ Պետիկեանի ոճը այնքան հարազատ ու մատչելի է ընթերցողին համար։ Բաց աստի, ան այն վերջին մոհիկաններէն է, որ արեւմտահայերէնով կ՚արտադրէ եւ իր այդ նուիրումը իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚արդարանայ՝ մշտական արժէքներու ստեղծումով եւ բոլորին համար դիմադրութեան աւիշ, ներշնչանքի աղբիւր դառնալով։

Վստահաբար գրասէրները հետաքրքրութեամբ ընթերցեն Գէորգ Պետիկեանի սիրավէպը, որ ամէն բանէ առաջ արգասիքն է մեսրոպեան տառերու նկատմամբ անոր անմնացորդ սիրոյն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2024