ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱԼԻԲԱԼԹԱՅԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ 89 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց երկ­րի բա­նա­կի կա­յաց­ման յա­ռա­ջա­մար­տիկ, զօ­րա­վար-գնդա­պետ Գուր­գէն Դա­լի­բալ­թա­յեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաս­տա­նի մէջ։ 1947-1991 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ ծա­ռա­յած էր Սո­վե­տա­կան միու­թեան բա­նա­կին, վա­րե­լով հրա­մա­նա­տա­րա­կան պաշ­տօն­ներ։

Հա­յաս­տա­նի հա­մար բախ­տո­րոշ տա­րի­նե­րուն ան ե­կած էր եր­կիր եւ զի­նուո­րագ­րուած՝ նո­րան­կախ երկ­րի ազ­գա­յին բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման բարդ ու դժուար գոր­ծին։ Ան ան­ձամբ ղե­կա­վա­րած էր շարք մը մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ՝ Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան ծրագ­րե­րու մշա­կու­մը։

Գուր­գէն Դա­լի­բալ­թա­յեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով կազ­մուած է յանձ­նա­ժո­ղով մը՝ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015