ՔՈՆՃԱՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Եւ­րո­պա­կան միու­թեան նա­խա­րար Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճա հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րեն ուղ­ղեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ յայ­տա­րա­րեց, թէ կար­ծե­ցեալն ու ի­րա­կա­նը ո­րե­ւէ տար­բե­րու­թիւն չու­նին։ «Բա­ցո­րոշ ու յստակ է, որ կո­տո­րած մը կա­տա­րուած է։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը բո­լորն ալ կ՚ըն­դու­նին։ Բուն հար­ցը այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կէ­տին շուրջ հա­մախմ­բուիլն է», նշեց ան։ Նա­խա­րա­րի այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծե­ցին մամ­լոյ մէջ։ Ա­ւե­լի վերջ ան փոր­ձեց զսպել քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն ա­լի­քը եւ յայ­տա­րա­րեց հե­տե­ւեա­լը. «Ես չօգ­տա­գոր­ծե­ցի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը։ Թուր­քիա պէտք է ա­ռե­րե­սուի ան­ցեա­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ար­դեօք 1915-ին ո­րե­ւէ բան տե­ղի չէ՞ ու­նե­ցած։ Ե­թէ այդ­պէս է, ա­պա ո՞ւր են այդ հա­յե­րը։ Փաստ է, որ սպա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րուած են եւ զա­նոնք պէտք է կո­տո­րած ա­նուա­նել»։

­Հարկ է նշել, թէ ընտ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ կազ­մուած կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճա կը ներ­կա­յաց­նէ ՀՏՓ-ն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015