ԿԱՄՔԻ ՊԱԿԱՍԷ ԱՒԵԼԻՆ

ԵԱՀԿ-ի ան­դամ երկ­իր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ ան­պաշ­տօն ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Գեր­մա­նիոյ Փո­տըս­տամ քա­ղա­քին մէջ։ Ներ­կա­յիս Գեր­մա­նիա այս կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է, ուս­տի ժո­ղո­վի տան­տէրն էր ա­նոր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը՝ Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր։ Ժո­ղո­վէն ա­ռաջ ար­դէն յայ­տա­րա­րուած է, որ քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան­պաշ­տօն խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան Փո­տըս­տա­մի իր ե­լոյ­թին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Շթայն­մա­յէ­րի, որ նա­խա­ձեռ­նած էր ե­րէ­կուան կա­րե­ւոր հա­ւա­քին։ Ար­դա­րեւ, ան­պաշ­տօն հան­դի­պու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած է կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու՝ նա­խա­պատ­րաս­տե­լով յա­ջորդ Դեկ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած ԵԱՀԿ-ի նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Համ­պուր­կի մէջ։ Նալ­պան­տեան ը­սաւ, թէ նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը գե­տին կը ստեղ­ծէ, որ­պէս­զի Համ­պուր­կի պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մը դառ­նայ միաս­նա­կան յա­ջո­ղու­թեան ա­ռիթ։ Ըստ ի­րեն, ի հար­կէ, յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը չա­փուի ոչ թէ ըն­դու­նուած ո­րո­շում­նե­րու սոսկ քա­նա­կով, այլ երկ­խօ­սու­թեան ո­րա­կով։ Նալ­պան­տեան շա­րու­նա­կեց.

«Ակն­յայտ է, որ ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քաշր­ջա­նի իւ­րա­քան­չիւր մար­տահ­րա­ւէր հար­կա­ւոր է լու­ծել երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Մենք կրնանք ան­վերջ բա­նա­վի­ճիլ։ Այդ երկ­խօ­սու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րող ԵԱՀԿ-ի սկզբունք­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու էու­թեան եւ շրջա­նակ­նե­րուն մա­սին։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ե­թէ հա­մա­ձայ­նու­թեան չհաս­նինք հիմ­նա­րար սկզբուն­քի մը շուրջ, ա­պա մեր ջան­քե­րը պար­զա­պէս ա­պար­դիւն կ՚ըլ­լան։ Խօս­քը ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման սկզբուն­քին մա­սին է։ Ան­վե­րա­պահ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ու­ժի չկի­րառ­ման սկզբուն­քին հա­մար կեն­սա­կան է ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման տե­սան­կիւ­նէն։

«Այս տա­րուան Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ նա­խա­պէս ծրագ­րուած եւ ի­րա­կա­նա­ցուած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան յար­ձա­կու­մը, մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­նե­րով եւ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, այս հա­կա­մար­տու­թեան սոսկ հեր­թա­կան սրա­ցու­մը չէր։ Սա մար­տահրա­ւէր էր ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քաշր­ջա­նի ընդ­հա­նուր անվտան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան։ Սա լրջօ­րէն ետ նե­տեց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

«Ու­ժի կի­րառ­ման նման փոր­ձե­րը, որ­պէս բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վրայ ճնշում գոր­ծադ­րե­լու մի­ջոց, հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­գանգ չստանա­լու պա­րա­գա­յին, կրնան տե­ղի տալ լրջա­գոյն ան­կա­յու­նու­թեան՝ յղի ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րու ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­մար։ Հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին հան­դէպ վստա­հու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար պէտք է ձեռ­նար­կուին հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­նե­րու՝ ու­ժի կի­րա­ռու­մը բա­ցա­ռե­լու եւ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով։ Սա էր Մա­յի­սին Վիեն­նա­յի եւ Յու­նի­սին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած եր­կու գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն գլխա­ւոր նպա­տա­կը։ Նախ եւ ա­ռաջ, հար­կա­ւոր է ի­րա­գոր­ծել այն, ինչ որ ընդգ­ծուած եւ հա­մա­ձայ­նե­ցուած էր այդ հան­դի­պում­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ամ­բող­ջա­կան կա­տա­րում, հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղ­ծում, ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նում։

«ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քէն ներս առ­կայ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը նոյ­նա­կան չեն, երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի սկզբունք­նե­րուն, ո­րոնց հի­ման վրայ այդ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը պէտք է կար­գա­ւո­րուին։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­կա­մար­տու­թիւն ու­նի իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պէտք է հա­շուի առ­նուին։ Գո­յու­թիւն ու­նի ընդ­հա­նուր մէկ սկզբունք՝ ու­ժի չկի­րա­ռու­մը, ո­րուն հե­տա­մուտ պէտք է ըլ­լալ բո­լոր հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։

«Կա՛մ այն ձե­ւով, ինչ­պէս մենք կ՚ը­սենք, կա՛մ պա­տե­րազմ. այս մօ­տե­ցու­մը կը տա­նի փա­կու­ղիի։ Այս կար­գի ձե­ւա­կեր­պում­ներ կը հնչեն ԵԱՀԿ-ի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք, ար­հա­մար­հե­լով ԵԱՀԿ-ի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած հինգ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, կը փոր­ձեն սե­փա­կան ըն­կա­լում­ներն ու տե­սա­կէտ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս հան­գու­ցա­լուծ­ման միակ ճա­նա­պարհ։ Երբ նոյ­նիսկ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը կը խօ­սին նման լե­զուով, ա­պա խնդի­րը այս­տեղ ա­ւե­լին է, քան զուտ կամ­քի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։

«Հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս բնա­կող մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ թէ՛ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կա­ռա­վար­ման եւ թէ ա­նոնց կար­գա­ւոր­ման հիմ­քին։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ճա­նա­չումն ու ի­րա­գոր­ծու­մը կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ո­րե­ւէ էա­կան յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վե­լու հա­մար»։­

Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու խնդրին։ Ան ը­սաւ. «Սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ար­դիւ­նա­ւէտ կար­գը եւ ա­նոր լիար­ժէք ի­րա­գոր­ծու­մը ա­ռանց­քա­յին են՝ ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման սկզբուն­քի գործ­նա­կան կի­րա­ռու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռու­մով։ Մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ծա­նօ­թա­ցանք ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի՝ Օ­գոս­տո­սի 26-ի յօ­դուա­ծին, ո­րուն մէջ կ՚ա­ռա­ջար­կուի վե­րա­գոր­ծար­կել սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տան մշտա­պէս հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին անվ­տան­գու­թեան բա­րե­լա­ւուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու կողմ­նա­կից ե­ղած է՝ մի­տուած ԵԱՀԿ-ի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս թա­փան­ցի­կու­թեան եւ կան­խա­տե­սե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման՝ հիմ­նուած զսպման եւ ռիս­քե­րու նուա­զեց­ման սկզբունք­նե­րուն վրայ։ Այս իսկ մօ­տե­ցու­մով Հա­յաս­տան կը պատ­րաս­տուի ներգ­րա­ւուիլ Եւ­րո­պա­յի մէջ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րուն։ Յար­ձա­կո­ղա­կան սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­հագ­նա­ցող թա­փե­րով կու­տա­կու­մը եւ ան­վե­րահս­կե­լիու­թիւ­նը պէտք է կան­խուի։

«Մենք կը գնա­հա­տենք Վիեն­նա­յի փաս­տա­թուղ­թի ար­դիա­կա­նաց­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Բայց նաեւ պէտք է ա­ռա­ւել քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել՝ ա­պա­հո­վե­լու Վիեն­նա­յի ներ­կայ փաս­տա­թուղ­թի եւ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ ԵԱՀԿ-ի յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Մենք բարձ­րա­ձայ­նած են Վիեն­նա­յի փաս­տա­թուղ­թի ա­ռանց­քա­յին դրոյթ­նե­րու մա­սին, նե­րա­ռեալ՝ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու եւ տես­չա­կան ստու­գում­նե­րու յայ­տագր­ման շա­րու­նա­կա­կան խախ­տում­նե­րը։ Մենք մշտա­պէս ընդգ­ծած ենք հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու գօ­տի­նե­րու բնակ­չու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ԵԱՀԿ-ի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը նախ եւ ա­ռաջ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու դաշ­տա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն մէջ, բո­լոր ե­րեք հար­թու­թիւն­նե­րով վստա­հու­թեան մի­ջոց­նե­րու ամ­րապըն-դու­մը։ Այս ա­ռու­մով, ա­ռաջ­նա­յին պէտք է ըլ­լայ Վիլ­նիու­սի մէջ ըն­դու­նուած հա­մա­պա­տաս­խան ո­րոշ­ման ամ­բող­ջա­կան կի­րա­ռու­մը եւ ան­կէ բխած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մը։

«Ա­ւար­տե­լով խօսքս՝ կը փա­փա­քիմ ընդգ­ծել, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան՝ Համ­պուր­կի նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաստ­ման հար­ցին մէջ»։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Այ­սօր կը նշուի Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25-րդ տա­րե­դար­ձը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան մե­ծա­հան­դէս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Նոյն առ­թիւ Ստե­փա­նա­կերտ մեկ­նած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Սերժ Սարգ­սեան հրա­պա­րա­կած է նաեւ պատ­գամ մը՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։

«1991 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 2-ը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան փա­ռա­հեղ էջն է։ Քա­ռորդ դար ա­ռաջ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը կա­տա­րեց իր ան­բե­կա­նե­լի ընտ­րու­թիւ­նը։ Այդ բախ­տո­րոշ քայ­լը գի­տակ­ցուած էր եւ ի­մաս­տա­ւո­րուած։ Այդ ընտ­րու­թեամբ, այդ կամ­քով ու վճռա­կա­մու­թեամբ ստոյգ մա­հուան ան­դուն­դի եզ­րէն դէ­պի կեանք եւ դէ­պի ա­զա­տու­թիւն վե­րա­դար­ձաւ հա­յու­թեան ա­մե­նավ­տան­գուած հա­տուա­ծը՝ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը։

«Դուք կռուե­ցաք եւ յաղ­թե­ցիք ան­հա­ւա­սար պա­տե­րազ­մի մէջ։ Դուք կա­ռու­ցե­ցիք պե­տու­թիւն մը եւ հա­սա­րա­կու­թիւն մը, որ ա­զատ է ինչ­պէս եր­բե­ւէ։ Դուք ստեղ­ծե­ցիք բա­նակ, որ ա­մուր է եւ մար­տու­նակ, ինչ­պէս եր­բե­ւէ։ Դուք ա­ւե­րակ­նե­րէն բարձ­րա­ցու­ցիք երկ­րա­մաս մը, որ եր­բե­ւէ այս­քան խնա­մուած ու գե­ղե­ցիկ չէ ե­ղած։ Դուք ձե­զի ա­պա­ցու­ցա­նե­ցիք, ողջ հա­յու­թեան եւ աշ­խար­հին ա­պա­ցու­ցա­նե­ցինք, որ ա­զատ Ար­ցա­խը ոչ միայն կեն­սու­նակ է, այ­լեւ ու­նի բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման մեծ նե­րուժ։

«Ի հար­կէ, այդ նե­րու­ժը տա­կա­ւին ամ­բող­ջու­թեամբ չէ ի­րա­կա­նա­ցուած։ Ի հար­կէ, դեռ շատ ը­նե­լիք­ներ ու­նինք՝ թէ՛ Ար­ցա­խի եւ թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Եւ ի հար­կէ, պի­տի ը­նենք մեր ը­նե­լի­քը։ Պի­տի ը­նենք հա­մայն հա­յու­թեան ջան­քե­րով։ Պի­տի ը­նենք ի հե­ճուկս բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։

«Ան­ցեալ Ապ­րի­լի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­գամ մը եւս, կա­րե­լի է ը­սել՝ ա­ւե­լորդ ան­գամ մը, ա­պա­ցու­ցա­նե­ցին, որ թշնա­մին մեծ կո­րուստ­նե­րով ետ պի­տի շպրտուի, ե­թէ փոր­ձէ ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով հարց լու­ծել։ Ա­պա­ցու­ցե­ցին, որ Ար­ցա­խի հար­ցը ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծող ուժ մը գո­յու­թիւն չու­նի աշ­խար­հի վրայ։ Գո­յու­թիւն չու­նի, ո­րով­հե­տեւ դուք կաք, ո­րով­հե­տեւ դուք հա­ւա­տա­րիմ էք քսանհինգ տա­րի ա­ռաջ կա­տա­րած ձեր ընտ­րու­թեան։ Չկա՛յ ռազ­մա­կան ճա­նա­պարհ։ Կայ քա­ղա­քա­կա՛ն ճա­նա­պարհ։

«Այ­սօր՝ այս նուի­րա­կան օ­րը, կրկին կ՚ը­սեմ ձե­զի. ինչ­պէս ե­րէկ, ինչ­պէս այ­սօր, այն­պէս ալ վա­ղը դուք պի­տի ո­րո­շէք ձեր ճա­կա­տա­գի­րը։ Ար­ցա­խի լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ մենք կաս­կած­ներ չու­նինք։ Կեց­ցէ՛ ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խը։ Կեց­ցէ՛ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016