ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Շուլցը ընդունեց Պեշթեփէի պալատին մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման։ Էրտողանի առընթեր Մարթին Շուլց տեսակցեցաւ նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին սարքուեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Մարթին Շուլց, որ Իսմայիլ Քահրամանի հետ ալ տեսակցեցաւ, հանդիպում մըն ալ ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ Մարթին Շուլց նշեց, թէ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին ժամանակ Եւրոպա չէ կրցած ցուցաբերել անհրաժեշտ հակազդեցութիւնը։ Այդ օրը թուրք ազգի պատմութեան փառահեղ էջերէն մին կը համարուի։
Շուլց պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր ՓԵՏ-ի ղեկավար Սալիհ Միւսլիւմի Եւրոխորհըր-դարան տուած այցելութեան։ Ան ըսաւ, թէ այցը տեղի ունեցած է անհատական հրաւէրի մը վրայ եւ որեւէ պարտադիր երեսակ չունի Եւրոխորհրդարանին տեսակէտէ։ Բաց աստի, Եւրոխորհրդարանէ ներս արտայայտուած տեսակէտները կը համարուին իր մասնաւոր մօտեցումները։ Շուլց լրագրողներու նկատառման յանձնեց նաեւ, թէ մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ Անգարայի եւ Պրիւքսելի ընկալումներուն մէջ կան տարբերութիւններ։
Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները ունին խոր անցեալ մը։ «Երբ վաթսուն տարին թողած ենք ետին, թուրք ազգը կ՚ուզէ տեսնել յառաջիկայ ճանապարհային քարտէսը», ըսաւ վարչապետը ու շեշտեց, թէ ներկայ նուրբ ժամանակաշրջանին խնդրոյ առարկայ չէ որեւէ ճկունութիւն մտցնել՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն մէջ։