ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԵՒ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ներկայիս բախտորոշ եւ անյետաձգելի խնդիր մը անշրջադարձելիօրէն եկած է օրակարգի վրայ՝ պատճառ դառնալով որոշ չափով ալեկոծման եւ արդար մտահոգութիւններու։ Արդարեւ, մեր վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան խնդիրը դարձած է լուրջ թղթածրարի մը նիւթը։ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ մեր դպրոցներէն պահանջուած համապատասխան տեղեկագրերն ալ կը հաստատեն այս հարցի կենսական բնոյթը։ Ուստի, պոլսահայ կրթական համակարգի դիմագրաւած առկայ ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ եկած է աւելնալ՝ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրացման հրամայականը։ Սա կ՚ենթադրէ հսկայական նիւթական միջոցներ, մասնագիտական համակարգուած աշխատանք, բազմակողմանի համագործակցութիւն եւ ընդհանուր զօրակցութիւն։ Նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակէ ի վեր մեր համայնքէն ներս նպատակասլաց գործունէութեան ծաւալումը կը կաղայ՝ այս գործը արդէն նոր անորոշութեան մը վերածուելու վրայ է։ Անշուշտ, բախտորոշ եւ անյետաձգելի այս խնդրի յաղթահարումը ի գին ամէն բանի պէտք է ապահովուի՝ առանց գործերու ահազանգային համեմատութիւններու հասնիլը։ Այս առումով համայնքէն ներս արդէն ծնունդ առած է նոր գործընթաց մը, որու շարունակութիւնը յառաջիկայ շրջանին հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ պիտի մնայ։

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որու կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներուն առընթեր, այս ժողովին մասնակցեցան մեր վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները, տնօրէնները, հիմնադրի ներկայացուցիչները եւ այլ պատասխանատուներ։ Համայնքային մամուլը հնարաւորութիւն ունեցաւ հետեւելու ժողովի ամբողջ ընթացքին։ Վերջին օրերուն մեր մամուլէն ներս լոյս տեսած՝ Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութիւնները եւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած լուսաբանութիւնները արդէն պատրաստած էին այս խորհրդակցութեան ենթագետինը։

Ժողովի բացման Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունեցաւ ելոյթ մը, որմէ վերջ արտայայտուեցան ՀԱՅՃԱՐ-ի զանազան ներկայացուցիչներ։ Ընդհանուր համայնապատկերի յստականալէն վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը փափաք յայտնեց, որ իւրաքանչիւր վարժարանի ներկայացուցիչ կացութիւնը պարզէ իր տեսանկիւնէն եւ բացատրէ պետութեան կողմէ պահանջուած պաշտօնական տեղեկութիւններուն փոխարէն առնուած քայլերը։ Այս բոլորէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, որու խօսքերը բաւական զգայացունց էին եւ որոշ չափով պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեցին։

Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակման ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ մեր զանազան դպրոցներէն տարբեր ժամկէտներով տեղեկութիւններ պահանջուած են։ Եշիլգիւղի վարժարանի ղեկավարութիւնը ժողովականներուն ներկայացուց իրենց հասած պաշտօնագիրը, որու բովանդակութեան բիւրեղացումը նոր երանգներ աւելցուց քննարկումներու բովանդակութեան։ Մէկ կողմէ նոր մասնագիտական տեղեկագրերու պատրաստութեան սպասումը, իսկ միւս կողմէ այդ պաշտօնագրերուն մէջ բոլորովին նոր աշխատանքի մը արդիւնքին պահանջուած չըլլալը՝ քննարկումներու ամբողջին մէջ յառաջացուց որոշ պղտորութիւն կամ հակասութիւն։

Բուռն քննարկումներէ վերջ առանց յստակ որոշումի մը եզրափակուեցաւ խորհրդակցութիւնը։ Շօշափելի մասը այն էր, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատրաստակամութիւն յայտնեց խրախուսելու նման խորհրդակցութիւններու պարբերաբար կազմակերպուիլը։ Սկզբունքային տեսակէտէ կարեւոր էր ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ արտայայտուած պատրաստակամութիւնը՝ գործընթացի շարունակութեան մասնագիտական աջակցութեան ցուցաբերման տեսակէտէ։ Որպէս անանտեսելի լուրջ տուեալ՝ արձանագրուեցաւ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի բարեփոխման մեծ թղթածրարին մէջ այլեւս միանշանակ տեղ գտած է վարժարաններու շէնքերու ամրութեան խնդիրը։ Այս անվիճելիօրէն կարեւոր հարցի լուծման կապակցութեամբ կան տարբեր մօտեցումներ։ Յամենայնդէպս, իրողութիւնը այն է, որ մեր համայնքէն ներս վարչական կամքն ու մասնագիտական պաշարը պէտք է բարեացակամ ու պաղարիւն ձեւով համատեղել՝ ստեղծուած այս իրավիճակին մէջ կանխելու համար նոր տագնապի մը ծագիլը, ինչ որ վստահութեան խնդրի մը կրնայ վերածուիլ նաեւ յաչս մեր վարժարաններու սաներու ծնողներուն։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020