Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ԳՈՐԾԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, «Պռոշեան» քոնիաքի գործարանի մասնաճիւղէն ներս ծագեցաւ հրդեհ մը, որուն յաջորդեց պայթում մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, առնուազն երկու հոգի զոհուեցաւ դէպքին հետեւանքով։ Չորս վիրաւոր ալ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց՝ զանազան աստիճանի այրուածքներով։ Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտելով մարած է հրդեհը։ Պատկան մարմիններն ալ ձեռնարկած են անհրաժեշտ քննութեան։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020