ԵՒՐՈՊԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ

Եւրոպան ահազանգ կը հնչեցնէ՝ քորոնաժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «հիւանդութեան երկրորդ ալիքի» վերաբերեալ միասնական կարծիք։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պարզաբանմամբ՝ երկրորդ ալիք հասկացողութիւնը կիրառելի է հիւանդութեան բոլոր նոր բռնկումներու դէպքուն, որոնք կը յառաջանան վարակման թիւերու սկզբնական անկումէն յետոյ։ Գիտական շրջաններուն մէջ եւս չկայ միասնական մօտեցում, թէ որոնք են երկրորդ ալիքի հիմնական չափորոշիչները։

Թէեւ գիտական սահմանումներու շուրջ առկայ տարաձայնութիւններուն՝ որոշ երկիրներու մէջ արդէն իսկ կ՚ահազանգեն քորոնաժահրի համավարակի երկրորդ ալիքի բռնկման մասին։ Յատկանշական է, որ զանազան երկիրներու մէջ նոր քորոնաժահրի դէպքերու աճը հիմնականին պայմանաւորուած է մեկուսացման դրութեան թուլացման եւ սահմանափակումներու մեղմացման հետ։ Բազմաթիւ կառավարութիւններ, սեփական տնտեսութիւնը փրկելու եւ վերականգնելու համար, շտապեցին վերաբանալ տնտեսական գործունէութեան զանազան ճիւղերը։ Աւելի՛ն, զբօսաշրջային եղանակը չտապալելու համար՝ բազմաթիւ երկիրներ բացին իրենց սահմանները նաեւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու համար։ Այս բոլորը, ինչպէս կարելի էր կանխատեսել, յանգեցուցին քորոնաժահրի տարածման կշռոյթներու աշխուժացման, վարակի նոր օճախներու գոյացման։ Եւրոպական շարք մը երկիրներ, ինչպէս՝ Սպանիա, Իտալիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, որոնք քորոնաժահրի համավարակի պատճառով մեծապէս տուժած են, կանգնած են համավարակի երկրորդ ալիքի բռնկման շեմին։ Արդէն իսկ կը հնչեն վատ կանխատեսումներ, որոնց համաձայն Եւրոպան կրնայ դառնալ քորոնաժահրի վարակման երկրորդ ալիքի կեդրոնը։

Եւրոպայի մէջ քորոնաժահրով վարակման ամենաշատ դէպքերը կը շարունակուին արձանագրուիլ Սպանիոյ մէջ, ուր արտակարգ դրութեան չեղարկումէն մօտաւորապէս երկու ամիս վերջ, եւրոպական այլ երկիրներու բաղդատմամբ, քորոնաժահրի տարածման կշռոյթները ամենաբարձրն են՝ վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին ամէն օր արձանագրելով 100 հազար բնակիչի հաշուով աւելի քան 142 դէպք։ Թէեւ քորոնաժահրի պատճառով մահացածներու եւ հիւանդանոց փոխադրուողներու թիւը նուազած է, սակայն Սպանիայի առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները անհանգստացած են վարակման դէպքերու աճով, որու պատճառով Սպանիայի իշխանութիւնները երկրի տարբեր տարածքաշրջաններէն ներս հաստատած են նոր սահմանափակումներ՝ մասնաւորապէս, չեն գործեր որոշ զուարճանքի վայրեր, կ՚արգիլուի բաց տարածքներու մէջ ծխելը։

Ֆրանսան, իր հերթին, արձանագրած է սահմանափակումներու մեղմացումէն յետոյ վարակման մրցանիշային աճ, որու պատճառով երկրի մեծ քաղաքներու՝ Փարիզի, Մարսէյլի, Թուլուզի եւ Լիլի մէջ, հասարակական վայրերէ ներս դարձեալ պարտադիր դարձած է դիմակ կրելը, միեւնոյն ժամանակ սեպտեմբերի 1-էն սկսեալ երկրի տարբեր ձեռնարկութիւններու մէջ նոյնպէս պարտադիր կ՚ըլլայ դիմակ կրելը։

Գերմանիոյ մէջ նոյնպէս կը նկատուի վարակման դէպքերու աճ, որու արդիւնքին գերմանացի կարգ մը բժիշկներ կը յայտարարեն, որ սկսած է քորոնաժահրի համավարակի երկրորդ ալիքը։ Երկրին մէջ երկրորդ ալիքի սկսման պատճառը մասնագէտները կը համարեն ընկերային հեռաւորութեան պահպանման եւ մաքրութեան կանոններու անտեսումը։

Իսկ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ եւս, ինչպէս՝ Մեծն Բրիտանիա, Պելժիա, Իտալիա եւ Հոլանտա, կապուած վարակման դէպքերու աճի հետ, մտավախութիւն կը տիրէ վարակի երկրորդ ալիքի բռնկման կապակցութեամբ։

Այսպէսով, կրնանք նշել, որ քորոնաժահրի համավարակը տակաւին չի նահանջեր, այլ կարգ մը երկիրներու մէջ հիւանդութեան տարածման նոր միտումներ կ՚արձանագրուին։ Բայց եւ այնպէս, չկայ յստակ մօտեցում մը, թէ արդեօք այդ միտումները կարելի՞ է որակել վարակման երկրորդ ալիք, թէ՞ այնուամենայնիւ աշխարհ եւ մարդկութիւնը կը գտնուի քորոնաժահրի առաջին ալիքի մեծ շղթայի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020