Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ԹԱԼԻՇԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրկիզման հետեւանքով ոչնչացան կամ վնասուեցան եօթ առանձնատուներ, երեք կացարաններ եւ ալիւրի ջաղացք մը։
Լեռնային Ղարաբաղի Քննչական կոմիտէի պատկան բաժանմունքները անմիջապէս ձեռնարկած են հետաքննութեան։ Յանցագործութիւնը կատարած անձը յայտնաբերելու ուղղութեամբ կը կատարուին աշխատանքներ։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020