ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐԵՑ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Մոսկուա։ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի իրաւասուներէն բաղկացեալ այս պատուիրակութիւնը ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երէկ աւարտեցան բանակցութիւնները, որոնք ունէին խորհրդակցական բնոյթ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թուրքիա-Ռուսաստան այս բանակցութիւնները դժուար մթնոլորտի մը մէջ կ՚ընթանան։ Արդարեւ, նախօրէին Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդի տարրերէն բաղկացեալ խումբ մը հրաւիրուած էր Մոսկուա։ Այդ խորհուրդի առանցքը կը կազմէ ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։ Ռուսական մարմիններուն կողմէ այդ խումբը ընդունուած է բարձր մակարդակի վրայ, ինչ որ անհանգստութիւն պատճառած է թրքական կողմին։ Մոսկուայի մէջ թրքական պատուիրակութիւնը Անգարայի համապատասխան մտահոգութիւնը յանձնած է ռուսական կողմի նկատառման։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին կատարեց նաեւ յայտարարութիւն մը, ուր շեշտուեցաւ, որ այդ ահաբեկչական խմբաւորումը թիրախաւորած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, իր հակակշռած տարածքներէն ներս կը չարչարէ տեղացի ժողովուրդը ու կը սպառնայ Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ Սուրիոյ հարեւաններու ազգային անվտանգութեան։ Թուրքիա շեշտեց, որ Ռուսաստանի այս վերաբերմունքը ներհակ է նաեւ Աստանայի ոգիին։

Այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան Մոսկուայի վերջին օրերու բանակցութիւնները։ Թրքական կողմի շփումներուն ժամանակ ընդգծուեցաւ, որ Լիպիայէ ներս մշտական հրադադարի մը հաստատման տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Սիրթէ եւ Ճուֆրա քաղաքներու ապազինումը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020