ՄԵԾ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները համայնքային երէկուան ժողովի ընթացքին հանդէս եկան բազմակողմանի բացատրութիւններով։ Մասնագիտական այս խմբաւորման մէկէ աւելի ներկայացուցիչները խօսք առին խորհրդակցութեան ժամանակ։ Անոնք նախ ներկայացուցին Պատրիարքական Աթոռի հաւանութեամբ իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը եւ աւելի վերջ բացատրեցին ապագայի վերաբերեալ իրենց հորիզոնը։ ՀԱՅՃԱՐ, ընդհանուր առմամբ, ուսումնասիրական աշխատանք տարած է 28 համայնքապատկան շէնքի պարագային։ Այդ շէնքերու բոլորն ալ ներկայիս կրթական նպատակով կ՚օգտագործուին։ Անոնք ժողովականներու նկատառման յանձնեցին իրենց տարած աշխատանքի մասնագիտական մեթոտներուն եւ համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւններուն շուրջ։ Շեշտուեցաւ, որ ՀԱՅՃԱՐ պետականօրէն լիազօրուած մարմին մը չէ՝ դպրոցական շէնքերու ամրութիւնը գնահատելու կամ երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, ՀԱՅՃԱՐ կը համագործակցի այդպիսի ընկերութիւններու հետ՝ մանաւանդ, որ իր կարգ մը անդամներն ալ մաս կը կազմեն այդպիսի ընկերութիւններուն։

Ժողովի տեւողութեան ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները մասնաւորապէս ընդգծեցին, որ մեր վարժարաններու շէնքերու մեծամասնութիւնը հնութեան կարգավիճակ ունին։ Հնութեան կարգավիճակով շէնքերու տոկունութիւնը, երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութիւնը ստուգելու համար յստակ եզրեր չեն առաջարկուած՝ նոյնիսկ պաշտօնական կանոնադրութիւններու մէջ։ Սա մեր վարժարաններու պարագային տարուելիք աշխատանքին շուրջ ժամկէտներու կանխատեսումը կը դժուարացնէ։ Նոյնիսկ պետականօրէն լիազօրուած ընկերութիւնները յաճախ անհրաժեշտ փորձառութիւնը եւ մասնագիտութիւնը չունին հնութեան կարգավիճակով շէնքերու ստուգումը կատարելու համար։ Շատ օրինակներ կան եւ նոյնիսկ արհեստավարժ առաջարկները ակամայ կը մերժուին անոնց կողմէ։ Ըստ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներուն, հնութեան կարգավիճակով շէնքերու պարագային պէտք է որդեգրուի տարբեր ճանապարհ մը։ Իւրաքանչիւր շէնքի համար յատուկ ճանապարհ մը պէտք է որդեգրուի՝ ըստ առանձնայատկութիւններու։ Սա մասնագիտական ընկերութիւններու եւ նոյնիսկ համալսարաններու հետ համագործակցաբար պէտք է յառաջ տարուի։ Եւ այս ամբողջ գործընթացը պէտք է զուգոր-դըւի Յուշարձաններու պաշտպանութեան խորհուրդին հետ։

Այս բոլորի լոյսին տակ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ իրենցմէ խնդրուածը ընկալած են ո՛չ թէ որպէս գործ, այլեւ՝ որպէս պարտականութիւն։ ՀԱՅՃԱՐ պատրաստակամ է յառաջիկային եւս մեր վարժարաններու շէնքերու պարագային կատարուելիք ստուգողական աշխատանքներուն աջակցելու եւ ուղղութիւն ցոյց տալու, ինչ որ կը համարուի մեծ առաւելութիւն մը։

Վերջին օրերուն մամուլի մէջ կատարուած յայտարարութիւններով ալ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, ժողովի ընթացքին ուշագրաւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Պետրոս Շիրինօղլուի եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներու միջեւ։ Մասնագիտական խմբաւորման ներկայացուցիչները կը ջանային բացատրել, որ ենթադրուած աշխատանքը, որ նաեւ պետական մարմիններու կողմէ կը պահանջուէր, կը կարօտի երկար աշխատանքի եւ մեծ ծախսերու։ Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց պետական մարմիններու հետ շփումներու գծով անհրաժեշտ լրջութեան ցուցաբերումը եւ մանաւանդ՝ ժամկէտներու յարգուիլը։ Ան եւս համամիտ էր, թէ մեր վարժարաններու շէնքերու պարագային նախատեսուած աշխատանքները երկար ժամանակի եւ մեծ ներդրումի կը կարօտին։ Շիրինօղլու ժողովականներուն յիշեցուց, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը ջանար այս հարցը համայնքի նկատառման յանձնել։ Անցեալ տարի, Սամաթիոյ մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններու սկիզբի ժողովին ժամանակ ալ ընդգծած էր այս խնդիրը, սակայն իրեն դէմ կատարուած էին այլ վերագրումներ։

Պետրոս Շիրինօղլու ուշադրութիւն հրաւիրեց ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներու այն բացատրութեան վրայ, ըստ որու երկու շաբաթ առաջ բանաւոր տեղեկութիւն մատուցուած է Պատրիարքական Աթոռին։ Այս տուեալը արդէն կը համընկնի Շիրինօղլուի կողմէ համայնքային մամուլի մէջ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն հետ։ Ըստ իրեն, ինք ունի լուրջ մտահոգութիւններ։ Այդ յայտարարութիւնները կատարած է համայնքէն ներս զգօնութիւն ապահովելու նպատակով, նաեւ կանխելու համար ապագային իրեն դէմ կատարուելիք մեղադրանքները, ինչ որ կը պատահի յաճախ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020