ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Անտրէյ Քարթափոլով երէկ ժամանեց Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ։ Քարթափոլով ներկայ կը գտնուի նաեւ «Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային մրցոյթի փակման արարողութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020