1572 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Թուրքիոյ մէջ վարակման աշխոյժ պարագաները կ՚աւելնան թափով։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ կատարուեցաւ 109 հազար 443 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1572 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 47 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ՝ 1003։ Ներկայ դրութեամբ 991 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ շեշտեց, որ միայն սահմանափակումներուն հնազանդելով հնարաւոր պիտի ըլլայ կորուստներու եւ ծանր հիւանդներու թիւը նուազեցնել եւ վերջացնել։ «Եթէ սահմանափակումներուն հնազանդինք, ապա մենք պիտի շահինք։ Մեր ուժը նախազգուշական միջոցներուն մէջ է», ըսաւ Քոճա։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020