ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԴԻՒՐԻՆ ՉԷՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Գագաթաժողովէ վերադարձին, երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի կառավարութեան նիստի ընթացքին ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ բանակցութիւններուն։ «Քննարկումը ծաւալուն էր, քննարկումը դիւրին չէր, բայց ես կ՚ուզեմ արձանագրել, որ մեր նպատակադրումները կը շարունակեն մնալ ու պիտի շարունակեն մնալ այնպէս, ինչպէս ես յայտարարած եմ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը ու այստեղ ալ մեզի անհրաժեշտ է վճռականութիւն՝ այս օրակարգը կեանքի կոչելու համար։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ սա դիւրին չէ, պարզ չէ, հաւանական լուծումներն ալ ակնյայտ չեն. մենք պէտք է շարունակենք հետեւողականօրէն աշխատիլ», յայտնեց Փաշինեան եւ վստահեցուց, որ Պրիւքսելի հանդիպման մասին նշելու այլ մանրամասնութիւններ չկան։

ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Պրիւքսելի վերջին հանդիպման շուրջ։ Ան ողջունեց Շարլ Միշելի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի չորրորդ հանդիպումը։ «Կարեւոր է շարունակել աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի յառաջխաղացման ուղղութեամբ, ջանքեր գործադրել մարդասիրական եւ կապի ոլորտներու մէջ։ ԵՄ կը շարունակէ միանգամայն աջակցիլ խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասին», նշեց Պորել։

Մինչ արդէն որոշուած է յաջորդ նոյեմբերին ալ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպել, ռուսական «Քոմերսանթ» յայտնի թերթը երէկ գրեց, որ Պրիւքսել կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնական հարթակը։ Թերթը շեշտած է, որ այս տարի արդէն երրորդ անգամ յիշեալ երէկ ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ հանդիպած են՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած վիճակը։ Այս հանդիպման դրութեամբ ցամաքի վրայ իրավիճակը զգալիօրէն փոխուած էր՝ մասնաւորապէս, որ Ատրպէյճան նախօրէին զբաղեցուցած էր եւս երեք բնակավայր, ուր կ՚ապրէին հայ ընտանիքներ։ Պաքու կը յուսայ, թէ ձեւաւորուած այս թափը պիտի շարունակուի եւ պիտի յանգեցնէ յառաջիկայ ամիսներուն խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։ Այս անգամ առաջնորդները պայմանաւորուած են միայն առարկայական բանակցութիւններու շարունակման նիւթին շուրջ եւ կրկին հանդիպիլ նոյեմբերին։ Եւ կրկին Պրիւքսելի մէջ եւ ոչ թէ Մոսկուայի, որ հարկաւոր է՝ ըլլայ հիմնական միջնորդը։

Ռուսական թերթը շեշտած է, որ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հերթական հանդիպումը տեղի ունեցած է տարածաշրջանային չափանիշներով պատմական իրադարձութեան մը համայնապատկերին վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի Լաչինի միջանցքին, որ փակուած է հայ վարորդներուն համար։ Այժմ անոնց կ՚առաջարկուի օգտագործել այն ճանապարհը, որ նախատեսուած ժամանակէն աւելի շուտ կառուցուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Յիշեցուած է, որ այդ յանձնումին նախորդած էր կարճատեւ լարուածութիւն՝ Լաչինի միջանցքի տարածքէն ներս։ Յետոյ Երեւան համաձայնած էր երթալ զիջումի։ Ներկայիս Ատրպէյանի զօրքերու ձեռքին կը գտնուին ելեկտրահաղորդման գիծերն ու կազատարը, որոնք կը մատակարարեն ամբողջ Ստեփանակերտն ու շրջակայ գիւղերը։ Սա թոյլ կու տայ արձանագրել, որ տարածաշրջանի կեանքը ամբողջութեամբ կ՚անցնի Պաքուի վերահսկողութեան տակ։ Հանգամանքներու այս համադրութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն թոյլ տուած է լրջօրէն բարձրացնել ակնկալութիւններու նշաձողը Պրիւքսելի հանդիպման պարագային։

Այլ բազում հանգամանքներու լոյսին տակ «Քոմերսանթ» արձանագրած է, որ Պրիւքսել կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնական հարթակը։ Անոր ջանքերը Մոսկուայի մէջ աննկատ չեն մնացած։ Հարաւային Կովկասէ ներս Եւրոմիութեան գործունէութիւնը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններով։ «Մեր կարծիքով, սա որեւէ կապ չունի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իսկական ցանկութեան հետ։ Ես կ՚ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի շատ կը նմանին միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի մը, որու տակ ոչինչ կայ։ Ռուսաստանի աշխատանքը այս ուղղութեամբ կը բերէ յստակ արդիւնքներու եւ համապատասխանաբար կը գնահատուի կողմերէն։ Անոնք, որոնք միջնորդ կը ձեւացնեն, չըլլալով այդպիսին, ըստ երեւոյթին, ոչինչ ունին առաջարկելու եւ ընդունակ չեն, բայց կ՚ուզեմ կերպով մը իրենց այստեղ ներգրաւուածութիւնը ցոյց տալ», մէջբերուած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւնները։

Ռուս վերլուծաբան Սթանիսլաւ Փրիթչինն ալ համոզուած է, որ Պաքու միտումնաւոր խաղադրոյք կը կատարէ Պրիւքսելի մէջ բանակցութիւններուն վրայ։ «Պաքու կը կարծէ, թէ այս հարթակը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, որովհետեւ ունի ելմտական միջոցներ։ Յայտնի է, որ Եւրոմիութիւնը խոստացած է Հայաստանի վերականգնման համար 2 միլիառ եւրօ յատկացնել։ Սակայն, տակաւին պարզ չէ, թէ ի՞նչ պայմաններով։ Երեւանի պարագային ալ ռազմավարական դաշտը հետզհետէ կը նեղնայ։ Հայաստան օրէ օր աւելի ու աւելի կը համարկի այն պատկերին, զոր իրեն կը պարտադրէ Ատրպէյճան», համոզուած է ռուս վերլուծաբանը։

Միւս կողմէ, այսօր կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ հրապարակած է շնորհաւորական պատգամ մը։ «Անտեղի են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծուած ըլլալու մասին յայտարարութիւնները, որովհետեւ տակաւին անբեկանելիօրէն հասցէագրուած չեն Արցախի հայութեան անվտանգութեան խնդիրները», նշուած է Փաշինեանի պատգամին մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 31-րդ տարեդարձին առթիւ Ստեփանակերտի մէջ նախատեուած են շարք մը տօնակատարութիւններ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022