ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Վեհափառ Հայրապետի վերամուտի պատգամը երէկ հրապարակուեցաւ՝ քանի սեպտեմբերի 1-ը Հայաստանի մէջ կը նշուի որպէս՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օր։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան պատգամը։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական օրհութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք կրթութեան գործին նուիրեալներուն, բոլոր մանկավարժներուն, ուսանողներուն եւ աշակերտներուն՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուան առթիւ։
Նուիրական այս օրը վերստին կը բացուին կրթական հաստատութիւններու դռները՝ ընդունելու ուսումնասէր մեր զաւակները իրենց յարկէն ներս։
Կրթօճախներէ ներս ամբարուած գիտելիքներն ու իմացութիւնը գրաւականն են մեր զաւակներու ինքնութեան կերտման եւ մեր երկրի յառաջընթացի ու զարգացման, իսկ կրթութեան հետ փոխանցուած հոգեւոր-բարոյական մնայուն արժէքները՝ հայրենանուիրումի, ազգասիրութեան եւ մեր սրբութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեան։
Արդարեւ, ինչպէս կը վկայէ սուրբգրային խօսքը. «Երբ իմաստութիւնը մտնէ սրտիդ մէջ եւ գիտութիւնը ախորժելի ըլլայ հոգիիդ, այն ժամանակ բարի խոհերը պիտի զգուշացնեն քեզ եւ արդար միտքերը քեզ պիտի պահպանեն» (Առակ. Բ 10)։
Սիրելի մանկավարժներ, թող Տէրը առատօրէն արդիւնաւորէ ձեր նուիրեալ ջանքերը՝ հայրենեաց աւանդներով եւ հոգեւոր-ազգային արժէքներով կրթելու եւ դաստիարակելու ուսումնատենչ ու շնորհաշատ մեր զաւակները՝ յանուն հայրենիքի զօրացման եւ մեր ժողովուրդի յառաջընթաց կեանքին։
Սիրելի աշակերտներ եւ ուսանողներ, մեր աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած քաջարթուն միտք պարգեւէ ձեզի եւ ուսումնական նոր տարիին առաւել փութաջանօրէն լծուիք նորանոր գիտելիքներ ամբարելու։
Թող Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, սէրն ու ողորմութիւնը ըլլալ ձեզ բոլորին հետ։ Ամէն։