ԱՌԱՆՑ ՅՂՈՒՄՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՉԱՓ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման հանգրուանին ելոյթով մը հանդէս գալէ եւ զանազան շփումներ ունենալէ վերջ՝ Սերժ Սարգսեան անցաւ Ուաշինկթըն, ուր երէկ մասնակցեցաւ «Քարնեկի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած՝ «Առանց յղումներու» ձեւաչափով քննարկման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փորձագիտական շրջանակներէն ներկայացուցիչներու առջեւ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի հարցերուն, մատնանշելով այն միջազգային արդի խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան անվտանգութեան եւ խաղաղութեան։ Սարգսեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանի առկայ հարցերուն ու նկարագրեց տարածքաշրջանի իրավիճակը։ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամին եւ այդ կապակցութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին։ Ուաշինկթընի մէջ Սերժ Սարգսեան կանգ առաւ նաեւ Եւրոպական գործընկերներու աջակցութեամբ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքին վրայ։ Բաց աստի, ան բացատրեց երկրէ ներս սահմանադրական բարեփոխումներուն գործընթացը եւ Սահմանադրութեան նախագածով նախատեսուած փոփոխութիւններուն տրամաբանութիւնը։
Հաւաքոյթի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու, որոնք հետաքրքրական էին քննարկման մասնակիցներուն տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի ընկերատնտեսական զարգացման հարցերուն, համարկման գործընթացներու մէջ ներգրաւմամբ կայուն տնտեսական աճ ապահովելու ուղղեալ երկրի քաղաքականութեան, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարին եւայլն։
Այս քննարկման առընթեր, Ուաշինկթընի մէջ Սերժ Սարգսեան առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ «Քարնեկի» հիմնարկի նախագահ Ուիլիըմ Պըրնզի հետ։
Դէպի Միացեալ Նահանգներ աշխատան-քային այցելութեան ընթացքին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ընկերացան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ բարձ-րաստիճան պաշտօնատարներ։