ԵՈՒՐԻ ՃՈՐՔԱԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ յայտնի ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքաեւ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ան ջերմ մթնոլորտով դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպէրթ Էմմիեանի կողմէ։ Եուրի Ճորքաեւ, որ 1998 թուականին աշխարհի ախոյենութիւնը նուաճած Ֆրանսայի հաւաքականին մաս կը կազմէր, ներկայիս թէեւ այլեւս ֆութպոլ չի խաղար, սակայն իր ձեռք բերած մեծ համակրանքին վրայ կը շարունակէ համբաւը։ Օդակայան ոտք դրած պահէն սկսեալ ան արժանացաւ բոլորի համակրանքին։
Հարկ է նշել, որ Եուրի Ճորքաեւ մասնակցութիւն պիտի բերէ «Yerevan RUNARM 2015» խորագրեալ մարաթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։