ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊՈՒՔՐԷՇ ԱՅՑԵԼԵՑ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պուք­րէշ։ Պուք­րէ­շի մէջ ան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ռու­մա­նիոյ հա­յոց միու­թեան վե­րա­բաց­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։ Պուք­րէ­շի հա­մալ­սա­րա­նի կեդ­րո­նա­կան գրա­դա­րա­նի մայր սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Ռու­մա­նիոյ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր. ինչ­պէս՝ Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Քա­լին Փո­փես­քու Թա­րի­չեա­նու, Վար­չա­պետ Վիք­թոր Փոն­թա ե­ւ այլք։

Պուք­րէ­շի մէջ, պա­տուոյ հիւ­րի կար­գա­վի­ճա­կով Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ռու­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին։

Աշ­խա­տան­քա­յին այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ռու­մա­նիոյ Ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ­նե­րէն Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան եւ խորհր­դա­րա­նի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեան մեծ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն ցոյց տուին նա­խա­րա­րի մե­ծար­ման հա­մար։ Պուք­րէ­շի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Համ­լէթ Գաս­պա­րեանն ալ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ու­ղեկ­ցե­ցաւ Յա­կո­բեա­նին, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեա­նին յանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ շնոր­հուած Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տայ­լը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015