ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի 25-րդ գու­մար­ման երկ­րորդ օ­րէնսդ­րա­կան շրջա­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ բնո­րո­շեց մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի օ­րա­կար­գը։ Խորհր­դա­րա­նի նոր նստաշր­ջա­նի բաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կոչ ուղ­ղեց՝ մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիոյ մէջ խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ դուրս, քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ դուրս լծակ­նե­րու մօտ փնտռե­լը կը հա­մա­րուի երկ­րին եւ ազ­գին դէմ մե­ծա­գոյն վա­տու­թիւ­նը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ազ­գին կամ­քը միակ ել­քի ճա­նա­պարհն է։ Հե­տե­ւա­բար, Նո­յեմ­բե­րի 1-ին Թուր­քիա ան­գամ մը եւս ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­նոն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ ընտ­րու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րէ եւ ազ­գա­յին կամ­քը պի­տի դրսե­ւո­րուի։

Էր­տո­ղա­նի հա­մոզ­մամբ, 25-րդ գու­մար­ման խորհր­դա­րա­նին կեան­քը թէեւ կարճ է, սա­կայն շատ յատ­կան­շա­կան կը հա­մա­րուի՝ ազ­գա­յին կամ­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ լու­ծում ար­տադ­րե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Այժ­մու գոր­ծըն­թա­ցը ան­նա­խըն­թաց է Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։ Թէեւ չէ կրցած ստեղ-ծըւիլ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, սա­կայն Թուր­քիա Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ գոր­ծադ­րե­լով հան­դէս ե­կած է շատ մեծ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սու­նու­թիւ­նով մը։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեա­լին նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ Թուր­քիոյ տնտե­սու­թեան եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման մնա­ցած փոր­ձու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին թարմ են բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս ստեղ­ծուած պա­րա­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի է վե­րագ­րել Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան։

Նա­խա­գա­հը ե­լոյ­թին մէջ շեշ­տեց, որ Թուր­քիոյ դէմ ուղ­ղուած յար­ձա­կում­նե­րը դա­տա­պար­տուած են հա­լե­լու՝ այս երկ­րի պող­պա­տեայ կամ­քին դի­մաց։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ բո­լոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մար­դա­սի­րա­կան ու խղճի դիր­քո­րո­շում մը որ­դեգ­րե­լով ար­գելք պի­տի հան­դի­սա­նան՝ որ­պէս­զի ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը չկա­րե­նայ սպառ­նալ քուէա­տու­փե­րուն։ «Յստակ պէտք է տա­րան­ջա­տուին մեր քա­ղա­քա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներն ու երկ­րին եւ ազ­գին շա­հե­րը», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա յա­ջո­ղու­թեամբ դուրս պի­տի գայ Նո­յեմ­բե­րի 1-ին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք շատ կա­րե­ւոր փոր­ձա­քար մը կը հա­մա­րուին։ Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ եր­կի­րը վստա­հե­լի ձեռ­քե­րու մէջ է եւ պատ­մու­թիւ­նը ան­տա­րա­կոյս պի­տի շա­րու­նա­կէ վկա­յել Թուր­քիոյ ան­կան­խար­գի­լե­լի հզօ­րա­ցու­մը։ Եր­կի­րը անշր­ջա­դար­ձե­լի վե­րել­քի մը մէջ է։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա զար­գաց­ման մեծ ոս­տու­մէն եր­բեք պի­տի չզի­ջի եւ տնտե­սու­թեան գծով 2023-ի նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լով՝ պի­տի դառ­նայ աշ­խար­հի փայ­լա­տա­կող աստ­ղը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015