ՔՆՆԱԴԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

«Սա­պան­ճը» եւ Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս օ­րե­րուն քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ գի­տա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած է «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ. պատ­մու­թիւն, քա­ղա­քա­գի­տու­թիւն եւ գե­ղա­գի­տու­թիւն»։ Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ այս քա­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քը, որ ձօ­նուած է նո­րոգ հան­գու­ցեալ յոյն ա­կա­դե­մա­կան Վան­կե­լիս Քեխ­րիո­թի­սի յի­շա­տա­կին։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, այս ծա­ւա­լուն գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի «Րիչ­մընտ» պան­դո­կին մէջ կազ­մա­կեր­պուած անդ­րա­նիկ նիս­տով։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նէն Ֆաթ­մա Միւ­կէ Կէօ­չէք եւ Ռա­նըլտ Սիւ­նի, ինչ­պէս նաեւ «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նէն Հիւ­լիա Ա­տաք։

Ա­ռա­ջին նիս­տը յատ­կա­ցուած էր 1915-ի մա­սին գրուած գոր­ծե­րու ամ­փոփ­ման։ Այս ծի­րին մէջ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուե­ցան ե­րեք գիր­քեր, ո­րոնց հե­ղի­նակ­ներն էին Ֆաթ­մա Միւ­կէ Կէօ­չէք, Ռա­նըլտ Սիւ­նի եւ Վի­գէն  Չէ­թէ­րեան։ Մինչ հե­ղի­նակ­նե­րը ար­տա­յայտուե­ցան ի­րենց գոր­ծե­րուն մա­սին, Նա­զան Մագ­սու­տեան եւ Հա­քէմ Ալ-Ռուս­թոմն ալ հան­դէս ե­կան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։

Ֆաթ­մա Միւ­կէ Կէօ­չէ­քի գիր­քը կը կոչուի «Բռնու­թեան ու­րա­ցու­մը»։ Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն լոյս տե­սած է այս գոր­ծը, ո­րու թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն ալ պի­տի հրա­տա­րա­կուի յա­ռա­ջի­կայ տա­րի։ Հե­ղի­նա­կը այս կա­պակ­ցու­թեամբ նշեց, թէ 1915-էն ա­ռաջ եւս կար բռնու­թիւն ու ան­կէ վերջ ալ կը շա­րու­նա­կուի բռնու­թիւ­նը։ Ուս­տի, ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց տե­ւա­կան ու հա­ւա­քա­կան բռնու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։

Վի­գէն Չէ­թէ­րեա­նի գոր­ծը կը կո­չուի «Չսպիա­ցած վէր­քը»։ Այս վեր­ջի­նը լոյս տե­սած է «Հէօրսթ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն։ Հե­ղի­նա­կը ե­րէկ նշեց, թէ 1915-ի պա­րա­գա­յին ու­րա­ցու­մէ ա­ւե­լի ծանր ե­րե­ւոյթ մը կը հա­մա­րուի եր­կար ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կուած լռու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, նոյ­նիսկ ու­րաց­ման պա­րա­գա­յին թէ­կուզ հա­կա­դիր երկ­խօ­սու­թիւն մը գո­յու­թիւն կ՚ու­նե­նայ, ապ­րուա­ծը կ՚ըլ­լայ բա­ցա­յայտ, մինչ­դեռ լռու­թեան պա­րա­գա­յին ապ­րուածն ալ կ՚ան­հե­տա­նայ։ Չէ­թէ­րեան մատ­նան­շեց, թէ Կով­կա­սէ ներս ներ­կա­յիս առ­կայ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ պատ­մա­կան եր­կար թրավ­մա­նե­րը ու­նին ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Այդ թրավ­մա­նե­րու բո­լո­րի պա­րա­գա­յին պա­հուած է լռու­թիւն եւ այդ լռու­թիւնն է, որ այ­սօր վերս­տին կը ծնի բռնու­թիւն։ Չէ­թէ­րեան այս ամ­բող­ջին մէջ թուար­կեց նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։

Ռա­նըլտ Սիւ­նիի գոր­ծը, որ լոյս տե­սած է Փրինս­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն կը կո­չուի «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը»։ Հե­ղի­նա­կը նշեց, թէ այ­լոց աշ­խա­տանք­նե­րուն հի­ման վրայ ար­ժե­ւո­րում մը կը բո­վան­դա­կէ իր գիր­քը։ Ան փոր­ձած է լու­սար­ձա­կի տակ բե­րել ոչ թէ ի՛նչ պա­տա­հած ըլ­լա­լը, այլ ին­չո՛ւ պա­տա­հած ըլ­լա­լը։ Դրդա­պատ­ճառ­նե­րու պրպտու­մը նոյ­նիսկ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու տե­ղի տուած է՝ այն ա­ռու­մով, որ սա կրնայ նշա­նա­կել նաեւ այդ պատ­ճառ­նե­րուն ար­դա­րա­ցու­մը։ Սիւ­նի նշեց, թէ հա­յոց ոչն­չա­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցուած է ե­րեք հանգ­րուա­նով. ցրուում, զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն եւ բռնի ձու­լում։ Սիւ­նի մատ­նան­շեց, թէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը փուլ գա­լու հանգ­րուա­նին հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ազ­գայ­նա­կան ինք­նու­թիւն մը ըն­դու­նած էր, մար­դիկ սկսած էին մահ­մե­տա­կան­նե­րը ըն­կա­լել շատ ա­ւե­լի վստա­հե­լի, իսկ ոչ-մահ­մե­տա­կան­նե­րը՝ ընդ­հա­կա­ռակն։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ հա­յոց դէմ ընտ­րուե­ցաւ բռնու­թեան ճա­նա­պար­հը։ Սիւ­նի նշեց նաեւ, թէ ուղ­ղա­հա­յեաց ձե­ւով, կայս­րու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած էին ապ­րուած­նե­րուն։

Հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ յայտ­նի դե­րա­սան Ար­սի­նէ Խան­ճեան դրա­կան նկա­տեց, որ հար­ցին միայն պատ­մա­կան ե­րե­սա­կը չքննար­կուի, իսկ միւս չա­փում­նե­րուն ա­ծան­ցու­մը նպաս­տա­ւոր կ՚ըլ­լայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն ընդգր­կուն ի­մաս­տը ըն­կա­լե­լու ա­ռու­մով։ Պատ­մա­բան Հա­լիլ Պերք­թայ այս կա­պակ­ցու­թեամբ յա­մե­նայն­դէպս կա­րե­ւո­րեց ա­ռար­կա­յա­կան պատ­մա­գի­տու­թեան ե­րե­սա­կին նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, պատ­մա­բան Սե­լիմ Տե­րին­կիլն ալ ընդգ­ծեց, որ թէեւ դրա­կան կը հա­մա­րէ միւս չա­փում­նե­րուն ընդգ­ծուի­լը, սա­կայն ա­նոնց բազ­մա­նա­լը կը ծնի խնդրին էու­թե­նէն հե­ռա­նա­լու վտան­գը, ո­րով­հե­տեւ շու­քի տակ պէտք չէ մնայ խնդրին ող­բեր­գա­կան չա­փու­մը։

Գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րուան աշ­խա­տան­քի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։

Այ­սօ­րուը­նէ սկսեալ մին­չեւ Կի­րա­կի՝ այս գի­տա­ժո­ղո­վին աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան Գա­րա­գիւ­ղի պատ­մա­կան «Մի­ներ­վա» խա­նին մէջ, որ «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րա­նի մաս­նա­շէն­քե­րէն մին է։ Այն­տեղ կը կազ­մա­կեր­պուի նաեւ պատ­կան նիւ­թե­րով գիր­քե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015