ԵՈՀԱՆՆԷՍ ՀԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Նալպանտեան եւ Հան բանակցութիւններէն վերջ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Օրուան տեւողութեան եւրոպացի յանձնակատարը կը հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յառաջիկային ստորագրուի նոր փաստաթուղթ մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017