ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԹԵՀՐԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որուն ընդառաջ Թեհրանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ մօտաւոր անցեալին կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն նոր իրավիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանէն ներս։ Թուրքիա եւ Իրան այս նոր իրավիճակին մէջ կը համագործակցին սերտօրէն։ Անոնք կը ձգտին մէկ կողմէ երաշխաւորել Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զուգահեռաբար չէզոքացնել այն սպառնալիքները, որոնք կրնան իրենց ուղղուիլ այդ երկու երկիրներու անջատման հետեւանքով։

Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ Էրտողան երէկ զինեալ ուժերու վերնախաւի նկատառման յանձնեց, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն ինչի համար։ Ի պատասխան՝ հրամանատարներն ալ յայտնեցին, որ պատրաստ են։

Էրտողան յառաջիկայ օրերուն Թեհրան պիտի մեկնի Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի ժողովին առթիւ։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան այժմէական ու հրատապ բնոյթով խնդիրներ՝ Հիւսիսային Իրաքի կացութեան շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահը այս հարցերը պիտի շօշափէ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։ Այդ հանդիպումներէն վերջ յառաջիկայ գործընթացին շուրջ պիտի յստականայ լուրջ ճանապարհային քարտէս մը։

Հարկ է նշել, որ Թուրքիա ներկայիս աստիճանաբար շարք մը տնտեսական բռնամիջոցներ կը գործադրէ Հիւսիսային Իրաքի դէմ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017