ՔԱԹԱԼՈՆԻՈՅ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երէկ, Սպանիոյ ինքնավար շրջաններէն Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ։ Բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հանրաքուէն։ Սպանիոյ ղեկավարութիւն օրեր առաջ արդէն ապօրինի հռչակած էր այս քուէարկութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Քաթալոնիոյ մէջ անկախութեան շարժումը գոյութիւն ունի վաղուց։ Մատրիտի կեդրոնական ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ ջանքեր կը ներդնէ՝ Քաթալոնիան պահելու համար Սպանիոյ ամբողջին մէջ։ Մօտաւոր անցեալին Պարսելոնայի մէջ պատահած ահաբեկչական արիւնալի յարձակումը արդէն պայմանաւորեց երէկուան հանրաքուէին մթնոլորտը։ Եւրոպայի մէջ նոր պետութեան մը յայտնուելու հեռանկարը ընդհանրապէս միանշանակ վերաբերմունքի մը չ՚արժանանար ներկայ պահուն։

Այս իրավիճակին մէջ Քաթալոնիոյ ինքնավար շրջանէն ներս ժողովուրդը երէկ փութաց քուէատուփերու մօտ։ Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հանրաքուէի մասնակիցները մեկնեցան քուէարկութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, Սպանիոյ մայրաքաղաքը՝ Մատրիտի մէջ ալ հսկայ ցոյց մը իրականացուցին՝ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան կողմնակիցները։ Սպանիոյ Սահմանադրական ատեանին կողմէ ապօրինի հռչակուած այս հանրաքուէի մասնակիցները ենթարկուեցաւ ոստիանութեան կոպիտ միջամտութեան։ Շուրջ հազար հոգի վիրաւորուեցաւ դէպքերուն հետեւանքով։ Ընտրատեղամասերու մէջ ծագեցան լուրջ դէպքեր։

Քաթալոնիոյ ղեկավար Քառլէս Փուչտեմոն յայտնեց, որ Սպանիոյ պետութիւնը արդէն գերեզանցած է ամօթի նշաձողը։ Այդ պատկերը միշտ պիտի յիշուի։ Արդարեւ, քուէարկութեան մասնակցած խաղաղ քաթալանները ենթարկուեցան բռնութեան։ «Սպանիոյ պետութիւնը ցարդ կորսնցուցածէն շատ աւելին կորսնցուց այսօր։ Քաթալոնիան ալ ցարդ շահածներէն շատ աւելին շահեցաւ այսօր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Քաթալոնիան Եւրոմիութեան մէկ խնդիրն է։

Քաթալոնիոյ մէջ քուէարկութեան մասնակիցներուն 90 տոկոսը կողմ եղած է անկախութեան։ Փուչտեմոն յայտարարեց, որ Քաթալոնիան շահած է անկախ ըլլալու իրաւունքը։ Ան տպաւորիչ համարեց հանրաքուէին արդիւնքը։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Քաթալոնիոյ հանրաքուէի պարագային սխալ կ՚ըլլայ վաղաժամ դիրքորոշում մը որդեգրել, աւելի նպատակայարմար է առաջին հերթին սպասել Եւրոմիութեան հակազդեցութեան։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017