ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻՆ

27-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի երկրորդ օրէնսդրական տարին երէկ հանդիսաւոր պայմաններով բացուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այցելեց խորհրդարան, ուր ելոյթով մը հանդէս եկաւ նոր օրէնսդրական շրջանի մեկնարկին առթիւ։ Նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚ընթանայ համաշխարհային ուժ մը դառնալու ճանապարհով՝ իր ժողովրդավարութիւնով եւ տնտեսութիւնով։ «Թուրքիա, աշխարհի ամենաալեկոծեալ տարածքաշրջանէն ներս, իր ժողովրդավարութիւնով եւ տնտեսութիւնով կ՚ընթանայ համաշխարհային իսկական ուժ մը ըլլալու ճանապարհով։ Մեր անմիջական շրջանակի անվտանգութեան տագնապները եւ մարդկային ողբերգութիւնները, նաեւ այդ բոլորէն սնուող ահաբեկչական արարքները մեր երկիրը չեն կրցած հեռացնել իր նպատակներէն, այլեւ ընդհակառակն, ա՛լ աւելի ամրապնդուած է այս ուղղութեամբ մեր վճռականութիւնը», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ տնտեսական կեանքի դժուարութիւններուն։ «Գնաճէ, տոկոսներէ, տարադրամի սակերէ նեղ վիճակի մատնուած, գործը կառավարելու դժուարացող բոլորի ապրածներուն կը հետեւինք անմիջականօրէն։ Կը փափաքինք, որ մեր ազգը քիչ մը եւս համբերատար ըլլայ։ Ամենադժուարը ետին թողեցինք, ասկէ վերջ ամէն ինչ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ», ըսաւ Էրտողան։

Խորհրդարանի ելոյթին մէջ նախագահը շօշափեց նաեւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներ։ Ան յատկապէս ընդգծեց, որ Եւրոմիութեան հետ դժուարութիւնները այլեւս կը յաղթահարուին։ Էրտողան ըսաւ. «Եւրոպայի հետ խնդրայարոյց գործընթացը ետին մնացած է։ Յառաջիկային պիտի թեւակոխենք գործընթաց մը, ուր Եւրոպայի հետ իսկապէս ճանապարհ պիտի անցնինք»։

Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ առկայ խնդիրներուն։ Ան ըսաւ. «Չինաստանի եւ Եւրոմիութեան գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ երկիրներու հետ ԱՄՆ կարծես, թէ առեւտրական պատերազմի մը բռնուած է։ Թուրքիոյ դէմ յաւելեալ գործադրութիւններով ան բաւական կորսնցուցած է իր վստահելիութիւնը։ Մեր ապրածներէն վերջ, այլեւս կարելի չէ, որ աշխարհի վրայ որեւէ երկիր կարողանայ վստահութեամբ նայիլ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ապագային։ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը՝ այսպիսի սպառնալիքներով ու յարձակումներով փուլ չգալու չափ ամուր է»։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018