ՆՈՐ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս սկսաւ ներկայացումներու նոր շարք մը։ Այսպէս, թատերախումբը կը ներկայացնէ «Սասնայ ծռեր» հայկական ժողովրդական էպոսին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բեմադրութեան հեղինակն է Սամսոն Ներսէսեան։ Ներկայացուած առաջնախաղը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, թատերասէրները յոտնկայս ու բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին դերասանները։

«Այս ներկայացումով կը փափաքինք ըսել, որ հայրենիքը կը սկսի մեզմէ։ Հայրենասիրութիւնը պարզապէս վերացական հասկացողութիւն մը չէ. այդ մէկը կ՚արտայայտուի քու եւ մտերիմներուդ հետ յարաբերութիւններուն մէջ, կը դրսեւորուի մեր արարքներով», յայտնեց այս առթիւ բեմադրիչը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018