ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ վաղը պիտի մասնակցի Արեւելք-Արեւմուտք կաճառի տարեկան կալա-մրցանակաբաշխութեան։ Այս տարի կաճառի համահիմնադիր, ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Էտուին Մրոզի անունով կոչուած «Համաշխարհային պետական գործիչ» մրցանակը կը շնորհուի նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Աւելի առաջ այս տաճարի տարեկան մրցանակին արժանացածներու շարքին կը գտնուին՝ ԱՄՆ-ի 41-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ, ԱՄՆ -ի նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր, Անգլիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէյր, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմուտ Քոհ, Չեխիոյ նախկին նախագահ Վաթսլաւ Հավէլ, Ֆինլանտիոյ նախկին նախագահ, 2008 -ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր Մարթի Ախտիսաարի, եւ այլք։ 

Արեւելք-Արեւմուտք կաճառը հիմնադրուած է 1980-ին։ Սա միջազգային հեղինակաւոր կառոյց մըն է, որ հանդէս կու գայ զանազան նախաձեռնութիւններով՝ մասնաւորապէս, սիպեր անվտանգութեան, կանխարգելիչ դիւանագիտութեան, տնտեսական եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ։ Զանազան տարիներուն կաճառի պատուոյ նախագահներ կամ տնօրէններ եղած են միջազգային յայտնի դէմքեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018