ԲԱՐԵՆՊԱՏԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեան վերջերս մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի, որ այցելած էր Նիւ Եորք։ Շողակ Յովհաննէսեան վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէ՝ որպէս Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մշակութային խորհրդատու։ Այս առաքելութեան բերումով ան սերտ համագործակցութեան մէջ է Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ։
Աննա Յակոբեանի Նիւ Եորքի կեցութեան օրերուն Շողակ Յովհաննէսեան կարեւոր նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչեց՝ մասնաւորապէս «Իմ քայլը» հիմնադրամի բազմաբնոյթ աշխատանքներու ծանօթացման առաջադրութեամբ։ Աննա Յակոբեանի կողմէ գլխաւորուած այս հիմնադրամը բարենպատակ գործունէութիւն կը ծաւալէ զանազան ուղղութիւններով։
Շողակ Յովհաննէսեան իսկապէս փառաշուք հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր Աննա Յակոբեանի ի պատիւ։ Նիւ Ճըրզիի «Վիլլա Ամալֆի» զբօսարանին մէջ շուրջ չորս տասնեակ ամերիկահայ գործիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու պատուոյ հիւրն էր Աննա Յակոբեան։ Տեսերիզներով հաւաքոյթի մասնակիցներուն ծանօթացուեցաւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործունէութիւնը։ Աննա Յակոբեանին կ՚ընկերանար Թալին Թոփալաքեան, որ այս հիմնադրամի ղեկավարութեան մէջ երկրորդ դէմքն է։ Ներկայ էր նաեւ դեսպան Լիլիթ Մակունց։
Շողակ Յովհաննէսեանի գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Աննա Յակոբեան ամերիկահայ ազգային գործիչներու կողմէ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն եւ իր ներկայացուցած բացատրութիւնները լսուեցան հետաքրքրութեամբ։
Հաւաքոյթի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեան։