ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻ՞ՒՆ
Օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան Ազգային ժողովէն ներս յայտարարեց, թէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կողմէ կը դիտարկուի Հայաստանով անցնող ճանապարհներուն անվտանգութիւնը մասնաւոր կամ պահնորդական ծառայութիւն իրականացնող ընկերութիւններու վերահսկողութեան յանձնելու կարելիութիւնը:
Այսպիսով, կարծես, թէ կը լուծուի «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած գլխացաւը, որուն շուրջ երկար ժամանակէ ի վեր կը բախին Հաւաքական Արեւմուտքի, Ամերիկայի, Ռուսաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու աշխարհաքաղաքական շահերը:
Խնդիրը այն է, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը ջանայ «միջանցք»ի նկատմամբ իր գերիշխանութիւնը հաստատել՝ ի հաշիւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի մասնակի կորուստին: Վերը նշուած յաւակնորդներու առաջին քառեակէն որուն ալ վիճակուի ձեռք բերել «միջանցք»ի վերահսկողութեան իրաւունքը, չարեաց փոքրագոյնը կ՚ըլլայ Հայաստանի համար։ (…)
Ճանապարհներու անվտանգութեան ապահովումը մասնաւոր կամ պահնորդական ընկերութիւններու պատուիրակելու պարագային, Հայաստան, ըստ էութեան, ոչինչ կը շահի եւ ընդհակառակը՝ ան պաշտօնապէս ընդունած կ՚ըլլայ, որ անկարող է սեփական տարածքին մէջ սեփական անվտանգութիւնը ապահովել եւ կարեւոր այդ յանձնառութիւնը կը նախընտրէ փոխանցել մասնաւոր ընկերութեան մը, որ աւելի՛ վստահելի է, մասնագէտօրէն աւելի՛ պատրաստուած է քան անվտանգութեան պետական մարմինները:
Փորձենք հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ այս ամէնը եւ ինչպիսի հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել.
Բոլոր պարագաներուն, այն, ինչ մտադիր է Հայաստանի իշխանութիւնը իրականացնել՝ ի դէմս արտաքին գործոց նախարարութեան, իրականութեան մէջ Հայաստանի ինքնիշխանութեան նշաձողի իջեցում է: Եթէ երկիրը իր սեփական տարածքին մէջ անկարող է անվտանգութիւն ապահովել եւ պատրաստ կամ ստիպուած է իր ինքնիշխան իրաւունքը ուրիշներուն զիջիլ, ապա մեծ է հաւանակութիւնը, որ յաջորդիւ այդ տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու յայտ կրնան ներկայացնել այլ պետութիւններ՝ հիմք ունենալով տուեալ երկրի անկարողութեան պաշտօնական ճանաչումը:
Օրինակ, բացառուած չէ, որ ճիշդ դիւանագիտութիւն վարելով մեր հակառակորդ դրացին կամ որեւէ այլ երկիր հարց բարձրացնէ, որ եթէ Հայաստան ի վիճակի չէ իր տարածքի մէկ հատուածին մէջ անվտանգութիւն ապահովել եւ պաշտօնապէս այդ փաստը կ՚ընդունի, ապա ի՞նչ երաշխիք կայ, որ միւս հատուածներուն մէջ ի վիճակի կ՚ըլլայ նման գործառոյթ մը իրականացնել։ Ուրեմն, միւս հատուածներուն նկատմամբ ա՛լ միջազգային վերահսկողութիւն պէտք է իրականացուի այլ պետութիւններու կամ մասնաւոր ուժերու ներգրաւումով:
Սկզբունքը սա է. կա՛մ զօրեղ ես՝ ընդհանրապէս, կա՛մ անզօր ես՝ առհասարակ:
Եւ այսպիսի անխոհեմ քայլ մը կ՚առնէ կառավարութիւն մը, որուն համար, իբր թէ, պետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անանց արժէք են, բայց տեղի ունեցողը դեռ սկիզբն է. մեծ պայքար կը սպասուի արտաքին խաղցողներուն միջեւ, թէ որո՞ւն կազմակերպութիւնը անվտանգութիւն պիտի ապահովէ Հայաստանի մէջ: Ժամանակին Փանաման, Եգիպտոսը նոյնպէս իրենց տարածքներով անցնող հաղորդակցութիւնները մասնաւոր ընկերութիւններու զիջած էին, յետոյ այդ սխալը շտկելու համար մեծ ջանքեր պահանջուեցան ու շատ արիւն հեղուեցաւ...
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի