ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ-ՔԱՆԴԱԿ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ջանքերով վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը յուշակոթող-քանդակի մը, որ զետեղուած է «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի յարակից պարտէզին մէջ։ Այս յուշակոթող-քանդակը ձօնուած է՝ Աւրորա Մարտիկեանի եւ 1915-ի նահատակներու յիշատակին։ Բացման արարողութեան զուգահեռ նախատեսուած էր «Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական ժապաւէնի յատուկ ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ Մարտիկեանի մասին՝ դէպի մեծ էքրան արտասովոր ճանապարհի բիւրեղացումով։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Աւրորա»ի համահիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեան։

Յուշակոթող-քանդակի հեղինակն է իտալահայ արուեստագէտ Վիգէն Աւետիս։

Յուշակոթող-քանդակը հանդիսաւորապէս բացին Վերոնիքա Զոնապենտ եւ Աննա Աֆէեան։ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբը՝ Տիգրան Հեքիմեանի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ տպաւորիչ կատարումներով։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերու շարքին էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024