ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ԶԻՋԻՐ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ»
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական ժողովի հիւրընկալն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հաւաքի ընթացքին ըսաւ. «Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց անցքի անվտանգութիւնը։ Բեռներու փոխադրման ժամկէտներու կրճատման, Ասիոյ եւ Եւրոպայի, հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ այլընտրանքային փոխադրութեան նոր հաղորդակցութիւններու որոնման տեսակէտէ կը փափաքինք անգամ մը եւս շեշտը դնել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին վրայ։ Այս վերջնոյն նպատակն է բոլոր շահագրգիռ պետութիւններուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի լոժիստիք ներուժի զգալի աւելոց բարձրացումը՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքի, իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց անցքի անվտանգութիւնը»։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ապագայի տեսակէտէ շեշտը դրաւ թուայնացման հեռանկարներուն վրայ։ Ան միեւնոյն ժամանակ ըսաւ. «Հայաստան երբեք չէ համաձայնած իր ինքնիշխանութեան որեւէ սահմանափակման տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ»։
Բաց աստի, վարչապետը «իրականութեան խեղաթիւրում» որակեց Հայաստանով անցնող հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը երրորդ երկիրներու վստահելու մասին խօսակցութիւնները։
Երեւանի հաւաքի մասնակիցներէն էր Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին, որ անհրաժեշտ համարեց ընդլայնել ԵԱՏՄ-ի համագործակցութիւնը միջազգային ասպարէզի վրայ։ Ան համոզուած է, թէ ԵԱՏՄ կայացած է՝ որպէս համարկման նախագիծ եւ յաջողութեամբ կ՚աշխատի։
Երեւանի հաւաքի մասնակիցներէն էր նաեւ Իրանի առաջին փոխ-վարչապետ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆ, որու խօսքով՝ ԵԱՏՄ-ի աշխարհագրութեան ընդլայնումը կը նպաստէ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ անոր դերակատարութեան ու տեղի ամրապնդման։ Երեւանի հաւաքի ընթացքին ան կրկնեց Իրանի աջակցութիւնը՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ի նպաստ։