25-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Փրակի «Օրեր» ամսագիրը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Այս յոբելեանը հայ մամլոյ տեսակէտէ յատկանշական է՝ որովհետեւ «Օրեր» ամսագիրը արդէն քառորդ դարէ ի վեր կը հանդիսանայ Եւրոպայի հիմնական արեւելահայերէնով հրատարակութիւնը, որ՝ մասնաւորապէս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նոր ձեւաւորուած հայկական համայնքները կը թիրախաւորէ իր հրատարակութիւններով։ Անշուշտ, «Օրեր»ու գործունէութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ՝ հաշուի առնելով, որ անոր համահիմնադիր-խմբագիրները՝ Յակոբ Ասատրեան եւ Աննա Կարապետեան արդէն շատ փորձառու անուններ են հայկական լրատուական աշխարհէն ներս։

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մասնաւոր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Օրեր»ու 25-ամեակին առթիւ։ Իսկապէս փայլուն յոբելենական հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ։ Երաժշտական ճոխ յայտագիր մը գործադրուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։ «Թէքէեան» կեդրոնի լեփլեցուն սրահին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէին դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայ հիւրեր, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ «Օրեր»ու համակիրներ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի, որ ներկաներու աչքին բիւրեղացուց «Օրեր»ու անցած ուղին եւ առաքելութեան նշանակութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Յակոբ Ասատրեան եւ Աննա Կարապետեան, որոնք զանազան բացատրութիւններ տուին «Օրեր»ու մասին։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ հատուեցաւ 25-ամեակի կարկանդակը եւ ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ բոլորը բաժակ բարձրացուցին «Օրեր»ու յարատեւութեան համար։ Ներկաները համակրանքով շրջապատեցին Յակոբ Ասատրեան-Աննա Կարապետեան ամոլը՝ քաջալերական տրամադրութիւններով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024