ԵՐԵՔՆ ԱԼ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ

Յու­նիս 7-ի ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին զուգահեռ՝ Հան­րա­պե­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ աննախընթաց ձեւով խորհր­դա­րա­նէն ներս ա­թոռ­ներ պի­տի զբա­ղեց­նեն նաեւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ, միա­ժա­մա­նակ։ Այս արդիւնքը վերահաստատուեցաւ երէկուան քուէարկութիւնով։

Այս­պէս, ՃՀՓ­-էն Սե­լի­նա Տո­ղան, ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն Մար­գար Է­սաեան եւ ՀՏՓ­-էն Կա­րա­պետ Փայ­լան  յա­ռա­ջի­կայ նստաշր­ջա­նին ի­րենց նպաս­տը պի­տի բե­րեն երկ­րի ժո­ղովրդա­վա­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ օ­րէնսդ­րա­կան ի­րենց աշ­խա­տան­քով։

Սե­լի­նա Տո­ղան ար­դէն յստակ հիմք մը ու­նէր ընտ­րուե­լու, քա­նի որ ՃՀՓ­-ի կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած էր Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նի Ա. կար­գին վրայ։ Մար­գար Է­սաեան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­ն ընտրուեցաւ Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նէն։ Կա­րա­պետ Փայ­լանն ալ ընտ­րուե­ցաւ ՀՏՓ­-ի Իս­թան­պու­լի Գ. շրջա­նի երկ­րորդ կար­գէն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2015