ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔՆՆՉԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէին նուի­րեց շարք մը սար­քա­ւո­րում­ներ եւ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րեր՝ քրէա­կան գոր­ծե­րու թուայ­նաց­ման նպա­տա­կով։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս եւ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Ա­ղուան Յով­սէ­փեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, փո­խան­ցուած սար­քա­ւո­րում­նե­րը կ՚ար­ժեն 132 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ քրէա­կան գոր­ծե­րու թուայ­նա­ցու­մը լուրջ նպաստ մը պի­տի բե­րէ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի գոր­ծու­նէու­թեան եւ օգ­տա­կա­րու­թիւն պի­տի բե­րէ նաեւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ռիս­քե­րու նուազ­ման։

Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գին ա­ջակ­ցե­լու հա­մար ա­մէն տա­րի կը տրա­մադ­րէ շուրջ 1.5 մի­լիոն տո­լար։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2015