ՊԱՏՈՒԱԿԱԼ ՏՈՔԹՈՐԻ ԿՈՉՈՒՄ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունովի։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան համապատասխան վկայականը Թորքունովին յանձնեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որ տեղի ունեցաւ ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
Հարկ է նշել, որ Անաթոլի Թորքունով վերջին օրերուն Երեւան այցելեց՝ իր ղեկավարած կաճառի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆորումին առթիւ։