ԱՍԻԼՎԱՅԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Յայտնի նկարչուհի Ասիլվա վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Փարիզի մէջ, ի շարունակութիւն անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի իր գործերու ներկայացման։ Արդարեւ, Փարիզի Փանթէոնի հրապարակին վրայ գտնուող 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի շքեղ սրահներուն մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ Ասիլվայի ցուցահանդէսին, նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին։
Նկարիչ, քանդակագործ, փորագրող եւ ստեղծագործող Ասիլվա ծնած է Պոլիս եւ աւարտած՝ տեղւոյն Գեղարուեստի հիմնարկը, որմէ ետք ուսումը կատարելագործած է Սորպոն՝ մասնագիտանալով կերպարուեստի ճիւղին մէջ։ Շուրջ 160 ցուցահանդէսներով շրջած է աշխարհի տարբեր երկիրները։ Ֆրանսայէն բացի՝ Սպանիա, Իտալիա, Ռուսաստան, Չինաստան, Ճաբոն, Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր։ «Իմ գեղանկարչութիւնը հիմնուած է Ոսկէ հատման (Nombre d՚Or) մաթեմաթիքական կանոններու վրայ։ Ես կ՚աշխատիմ, որպէսզի իւրաքանչիւր գիծ, իւրաքանչիւր ձեւ եւ իւրաքանչիւր գոյն իրարու միջեւ գտնեն ներդաշնակութիւն՝ տեսողական հաճոյք պատճառելու նպատակով», կ՚ըսէ արուեստագիտուհին, աւելցնելով՝ «կերպարուեստիս մէջ այժմ կը փափաքիմ նախապատուութիւնը տալ ինքնաբուխ մտայղացումին, որպէսզի աւելի ազատ արտայայտուիմ»։
Հայաստանի դեսպանատան եւ 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին հովանաւորութիւնը վայելող երեկոյթին բացումը կատարեց փոխ-քաղաքապետ Փիէռ Քազանովա, իսկ քաղաքապետուհի Ֆլորանս Պերթու այլ պարտաւորութիւններու պատճառով աւելի ուշ եկաւ։ Ան դրուատելով Ասիլվայի իւրայատուկ արուեստը, խօսեցաւ նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութեանց մասին, անդրադառնալով անշուշտ եղեռնի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկներուն։ Հոս հարկ է նշել, թէ նոյն վայրին մէջ արուեստագիտուհին առաջին անգամն է, որ կը ներկայանայ անհատական ցուցահանդէսով, իսկ ասկէ առաջ երկու անգամ մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են այս ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքներուն, մասնաւորաբար ծանրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեայ երթին վրայ, մատնանշելով անկախութեան շրջանի անցուդարձերը, արձանագրած յաջողութիւնները, բայց նաեւ ապրած դժուար օրերը, որոնց իր կամքի ուժով դիմադրած է հայ ժողովուրդը։ Ամիրջանեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսային, որ ո՛չ միայն ապաստան տուած է եղեռնի ժառանգորդներուն, այլեւ միշտ աջակցած ու թիկունք հանդիսացած է Հայաստանին ու հայութեան։ Ան յատկապէս ակնարկելով հոն ցուցադրուած Ասիլվայի «Արարատ» գործին՝ ըսաւ. «Արարատը եւ եռագոյնը մեր ժողովուրդի ինքնութեան երկու կարեւոր խորհրդանիշերն են, զորս հրաշալիօրէն պատկերած է գեղանկարչուհին»։
Յատկանշական էին մշակութային ժառանգութեան ընդհանուր տեսուչ Ժան-Քլոտ Մընուի Ասիլվայի արուեստին նկատմամբ մեծարանքի խօսքերը. «Այս գործերուն մէջ գեղեցկութիւնը կը ցոլայ ժայռէն բխած զուլալ ջուրին պէս, հակադարձելով դար մը առաջ գործադրուած ողբերգական դէպքերուն, որոնցմէ անմասն չէ մնացած արուեստագիտուհիին ընտանիքը…»։ Աւելի վերջ Մընու բացատրութիւն տուաւ հայութեան եւ հայ մշակոյթի նկատմամբ իր հետաքրքրութեան ակունքին մասին՝ ըսելով, թէ փոքր տարիքին Քորսիքայի մէջ ծանօթացած է հայ ընտանիքի մը անդամներուն, որոնց ջերմ վերաբերումը խորապէս տպաւորած է զինք եւ պատճառ դարձած՝ որ հետագային մօտէն ուսումնասիրէ հայութեան անցեալի պատմութիւնն ու մշակոյթը։
Երեկոյթին պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ Ասիլվայի շնորհակալական խօսքերով, որմէ ետք հիւրասիրուեցան ներկաները։