ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը շփումներ պիտի ունենայ Պերլինի մէջ։ Նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։ Նալպանտեան պիտի տեսակցի նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի արտաքին քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդականին՝ Քրիստոֆ Հոյսկենի հետ։ Ծանօթ է, որ Գերմանիա այս տարի ստանձնած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին, Համպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Նոյն շրջագծով Համպուրկի մէջ նախատեսուած է Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, շարունակելու համար բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Համպուրկի այս տեսակցութեան ընդառաջ է, որ Նալպանտեան վաղը շփումներ պիտի ունենայ Պերլինի մէջ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Պերլինի մէջ «Ֆրիտրիխ-Էպերթ» հիմնարկէն ներս հանդիպում մըն ալ պիտի ունենայ գերմանացի խորհրդարանականներու, յառաջատար քաղաքագէտներու եւ մասնագէտներու հետ։
Հարկ է նշել, որ դէպի Պերլին այս ուղեւորութեան ընդառաջ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Ճաքարթայի մէջ, ուր Էնտոնեզիոյ ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան Ճաքարթայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան ԱՍԷԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Լէ Լուոնկ Մինիի հետ։