ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ լուրջ կուտակում մը ըրին Իրաքի սահմանին վրայ։ Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարեց, որ երկրէն ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի, իսկ սահմանին միւս կողմը տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Ըստ իրեն, զօրքերու կուտակումը մաս կը կազմէ որոշ նախապատրաստութիւններու՝ հաշուի առնելով ամէն տեսակ հաւանականութիւն։ Նախարարը ընդգծեց, թէ կուտակուած զօրքերը ունին ընդունակութիւն՝ սահմանէն դուրս շրջանառութեան մէջ մտնելու համար։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Անգարայէն ու մօտակայքէն դուրս եկած հրասայլեր եւ այլ զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներ ուղարկուած են դէպի Սիլոփի։ Սարքաւորումները ընդհանրապէս վերջին շրջանին Իսրայէլի մէջ արդիականացուած հրասայլերէ ու զրահապատներէ կը բաղկանան։
Վերջերս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Իրաքէ ներս՝ «Հաշտի Շապի» շիի զօրքերը ուղուած են դէպի Թելաֆէր քաղաքը, որու բնակչութիւնը կը բաղկանայ թիւրքմեններէ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ծայր աստիճան անհանգիստ է այս իրադարձութենէն։ Նոյնիսկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Հոկտեմբերի 29-ի պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին անդրադարձած էր այս խնդրին։ Ան ըսած էր, թէ եթէ այդ կազմակերպութիւնը Թելաֆէրի մէջ ձեռնարկէ ահաբեկչութեան մը, ապա Թուրքիոյ պատասխանը պիտի ըլլայ շատ տարբեր։ Էրտողանի այս խօսքերուն լոյսին տակ մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ գործողութեան մը հաւանականութիւնը խնդրոյ առարկայ է։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ըշըքն ալ երէկ հեռուստակայանի մը վրայ յայտնեց, որ Թուրքիա չի կրնար լռութիւն պահել իր անվտանգութեան դէմ ուղղուելիք սպառնալիքներու պարագային։ Նախարարը աւելցուց, որ գործողութեան մը պատրաստութիւնները կան, սակայն արագ նորութիւններ պէտք չէ ակնկալուին։
Անգարայի այս քայլերուն զուգահեռ Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տալ։ Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատի երէկ յայտնեց, թէ չեն փափաքիր պատերազմիլ Թուրքիոյ հետ, սակայն դէմ յանդիման գալու պարագային՝ պատրաստ են այդ բանին։ Ան պնդեց, որ եթէ Թուրքիա բռնագրաւէ Իրաքը, ապա պիտի մասնատուի։ «Մենք չենք ուզեր Թուրքիոյ հետ պատերազմիլ, դէմ յանդիման գալ, սակայն նաեւ պատրաստ ենք այդ բանին։ Այդ պարագային Թուրքիան պիտի ընկալենք որպէս թշնամի ու պիտի վարուինք ըստայնմ», ըսաւ Իպատի։ Ան այս յայտարարութիւնները ըրաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Իրաքի բանակը Մուսուլի շրջակայքին լուրջ յառաջխաղացում կ՚արձանագրէ ԻՇԻՊ-ի դէմ։
Միւս կողմէ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Վալերի Կերասիմովի կողմէ։ Հուլուսի Աքարի հետ էր նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։
Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ տրամադրուած են շարք մը հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք կը գործեն Սեպտեմբերի 22-էն ի վեր։ Այդ թուականէն ի վեր ալ թրքական ռազմաօդային ուժերը Սուրիոյ օդային մարզէն ներս չեն կրնար իրականացնել գործողութիւններ։ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ այս նիւթը։ Երկու բարձրաստիճան հրամանատարները կարծիքներ փոխանակեցին, որպէսզի վերստին համակարգեն թրքական ռազմաօդային ուժերու գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիսին։ Աքար շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա երբեք պիտի չընդունի ՓԵՏ-ի հետ համագործակցութիւնը։
Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հրամանատարները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ քննարկեցին Հալէպի իրադրութիւնը։
Բաց աստի, Իրաքի մէջ սկսած Մուսուլի գործողութեան բերումով հաշուի առնուած է նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ ստեղծուելիք հաւանական իրադրութիւնը։